Տնտեսական տեղաշարժ. Ֆրանսական «Թէյլզ» ընկերութիւնը լաւատես է Հայաստանի շուկայով

Ֆրանսական առաջատար «Thales Group» ընկերութիւնը կը շարունակէ ուսումնասիրել Հայաստանը՝ ուրուագծելով այն ուղղութիւնները, որոնմցով յառաջիկային հնարաւոր է հիմք դնել հայ-ֆրանսական նոր համագործակցութեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրով կրկին Հայաստան այցելած էր «Thales Group»-ի պատուիրակութիւնը՝ այս անգամ աւելի մեծ եւ ներկայացուցչական կազմով։
Այցի քանի մը օրերու ընթացքին ընկերութեան ղեկավար կազմի ներկայացուցիչները հասցուցած են հանդիպումներ ունենալ ՀՀ կառավարութեան ներկայացուցիչներու, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարար Արայիկ Յարութիւնեանին, ճարտարուեստի նախարար Տիգրան Խաչատրեանին, բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան փոխնախարար Գեղամ Վարդանեանին հետ, այցելած են առաջատար արհեստագիտական ընկերութիւններ, մասնաւորապէս՝ «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութիւն, BetConstruct ընկերութիւն, ԹՈՒՄՈ ստեղծարար (արհեստագիտութեան) կեդրոն, հանդիպած են հայկական սթարթափներու ներկայացուցիչներու հետ, ուսումնասիրած են բարձր տեխնոլոգիաներու ոլորտի հայաստանեան փորձառութիւնը:
Այցի աւարտին ընկերութեան փոխնախագահ, տարածաշրջանային տնօրէն Փօլ Ռեմին, որ արդէն երրորդ անգամ եկած էր Հայաստան, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ «Մեր այցի նպատակը Հայաստանի եւ Thales-ի միջեւ ստեղծուած աշխատանքային խումբի շրջագիծէն ներս հնարաւորինս շատ տեղեկատւութիւն հաւաքելն է՝ յստակացնելու այն կարողութեան ուղղութիւնները, որոնցմով կրնանք ներկայութիւն ունենալ ձեր երկրին մէջ»,- նշած է ան:
Յիշեցնենք, որ Յունիս 2019-ին ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանը Լը Պուրժէի (Փարիզի մօտ) մէջ տեղի ունեցող միջազգային ցուցահանդէսի ժամանակ այցելած էր «Thales Group»-ի տաղաւար եւ հանդիպած էր ընկերութեան նախագահ Փադրիս Քէյնին հետ եւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած էր «Thales Group»-ի ներկայացուցիչներու այցը Հայաստան կազմակերպել, ինչպէս նաեւ փոխգործակցութեան յստակ ուղղութիւններու վերաբերեալ արդէն իսկ պատրաստուած համապատասխան փաստաթուղթը ուսումնասիրելու նպատակով աշխատանքային խումբեր ստեղծելու վերաբերեալ: