Քիմ Քարտաշեանը կոչ ըրած է հետեւորդներուն աջակցելու Հայաստանի փոքր ձեռնարկութիւններուն

2020-07-07
Image

Ամերիկեան Keeping Up With the Kardashians իրապատում շոուի (ցոյցքի) հայազգի աստղ, նորաթուխ միլիառատիրուհի Քիմ Քարտաշեանը իր թուիթըրեան էջի միլիոնաւոր հետեւորդներուն կոչ ըրած է աջակցելու Հայաստանի մէջ փոքր ձեռնարկութիւններու զարգացման` նուիրատւութիւն կատարելով Հայաստանի աջակցութեան հիմնադրամին:

«Դիտարկեցէք Հայաստանի աջակցութեան հիմնադրամին նուիրատւութեան հնարաւորութիւնը «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի եւ փոքր ձեռնարկութիւններու զարգացման համար»,-գրած է Քարտաշեան` կից հրապարակելով Երեւանի համայնապատկերի լուսանկարը:

Յայտնի է, որ Հայաստանի աջակցութեան հիմնադրամը «Փարոս» հիմնադրամի հետ համատեղ Հայաստանի մէջ փոքր ձեռնարկութիւններու զարգացման նախաձեռնութիւն սկսած է:

 

Изображение