Քիմ Քարտաշեանը մտադիր է Հայաստանի մէջ աշխատատեղեր ստեղծել

2019-09-28
Image

Ամերիկահայ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանը Թուիթըրի մէջ գրառում ըրած է Հայաստան իր յառաջիկայ այցի մասին։ 

«Յառաջիկայ երկու շաբաթներուն պիտի այցելեմ Հայաստան եւ յոյս ունիմ առեւտուրը մեծցնելու եւ հայերու համար նոր աշխատատեղեր ստեղծելու ուղիներ գտնել, ինչը կարող է ներառել ապագային այնտեղ SKIMS-ի արտադրութիւնը»,- գրած է ան։

Քարտաշեանը անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ մէջ SKIMS ապրանքանիշի արտադրութիւն հիմնելու իր ծրագրերուն․ «Մենք կը դատապարտենք անցեալի վրայ հիմնուած ամէն տեսակի խտրականութիւն՝ ինչ-որ մէկու կամ ինչ-որ ազգի նկատմամբ»։ 

Քիմ Քարդաշեանը պիտի մասնակցի WCIT-2019 տեղեկատուական թեխնոլոկիաներու 23-րդ համաշխարհային համաժողովին՝ որպէս յատուկ հիմնական զեկուցող եւ նիստ վարող։ Միջոցառումը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ՝ 6-9 Հոկտեմբերին։