Քիմ Քարտաշեան Հայաստան պիտի այցելէ

«WCIT 2019»-ի կազմակերպիչները յայտարարած են, որ գործատէր, հաղորդավար, բնորդ, արտադրող Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթ պիտի մասնակցի «WCIT 2019» ՏԱ 23-րդ համաշխարհային համաժողովին` որպէս հիմնական զեկուցող եւ նիստավար:
«Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ` Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու (ՏԱ) աշխարհի ամենահեղինակաւոր ժողովներէն մէկը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ` Հոկտեմբեր 6-9:
Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթ հանդէս պիտի գայ «Գաղափարներու շուկայ» փորձագիտական լիագումար նիստին, ուր պիտի քննարկուի, թէ ապակեդրոնացուած արհեստագիտութիւնները որքանով նպաստած են ժամանցի, մետիայի եւ լրագրութեան աշխարհներու ժողովրդայնացման եւ թէ որքանով յեղափոխած են արուեստի, տեղեկատւութեան տարածման մեր մեթոտները` նոր աստղեր պատրաստելու ճանապարհին:
Կը նշուի, որ Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթ իր հարթակը աշխուժօրէն կ՛օգտագործէր քրէական արդարադատութեան բարեփոխումներու համար, իսկ Մայիսին յայտարարեց, որ սկսած է իրաւաբանութիւն ուսանելու Քալիֆորնիոյ մէջ: Այս Սեպտեմբերին ան պիտի ներկայացնէ իր սպասուած «SKIMS» հագուստի նորաձեւութեան հաւաքածուն, ի լրումն «KKW BEAUTY» եւ «KKW Fregrance» հաւաքածուներու, որոնք թողարկուած են 2017-ին:
«WCIT» ՏԱ համաշխարհային համաժողովը Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ ծառայութիւններու համաշխարհային դաշինքի (ՏՏԾՀԴ) ամենանշանաւոր համաժողովն է: Դաշինքը 83 երկիրներու տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան արհեստագիտութիւններու (ՏՀԱ) միութիւններէ բաղկացած ընկերակցութիւն է, որ կը ներկայացնէ ոլորտի 90 տոկոսը: Այս տարի «WCIT» ՏԱ համաշխարհային համաժողովի թեման է` «Ապակեդրոնացման ուժը. ակնկալիք եւ վտանգ»: Համաժողովի ընթացքին պիտի քննարկուի, թէ ինչպէս տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան արհեստագիտութիւնները թէ՛ դրական, թէ՛ բացասական առումներով կը վերափոխեն մեր կեանքը, ինչ ազդեցութիւն կ՛ունենան շահոյթի եւ բարեկեցութեան, ապահովութեան եւ անվտանգութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդասիրութեան վրայ:
Երեւանեան համաժողովին կը սպասուի աւելի քան 2000 մասնակից` 70 երկրէ: