Քոպի Պրայանթի ուղղաթիռի օդաչուն հայազգի՝ Արա Զոպայեանն էր

2020-01-27
Image

Երէկ Միացեալ Նահագներու Լոս Անճելոս նահանգին մէջ եղած արկածին հետեւանքով ջախջախուած ուղաթիռին օդաչուն հայազգի Արա  Զոպայեանն էր։

Այս  մասին լուրը հաստատած է  «Ֆոքս»   կայանը   նշելով նաեւ, որ հայ օդաչուին մահը կը սգան իր մօտիկ ընկերներն ու հարազատները համացանցային   էջերու վրայ։

Յիշեցնենք, որ ուղղաթիռի արկածի հետեւանքով  զոհուած էր  ամերիկեան պասքեթպոլի աստղերէն, «Լէյքըրս»  խումբի յայտնի մարզիկ  Քոպի Պրայանթը, որ կարողացած էր իր անունը ոսկեայ տառերով գրել  ամերիկեան  պասքեթպոլի  մատեաններուն մէջ։

Քոպի նաեւ Ճանչցուած էր  «Սեւ Մամպա» ծածկանունով։