Ֆրանսական BERINGER AERO ընկերութիւնը դադրեցուցած է մատակարարումները թրքական ԱԹՍ արտադրողներուն

Ֆրանսական BERINGER AERO ընկերութիւնը դադրեցուցած է մատակարարումները թրքական անօդաչու թռչող սարքեր արտադրողներուն, երբ իմացեր է, որ իր արտադրանքը օգտագործուած է ռազմական ԱԹՍ-ներու մէջ, որոնք կը կիրառուին Արցախի մէջ:
Ընկերութեան արտադրանքը կը նախագծուի Ֆրանսայի մէջ` քաղաքացիական նշանակութեան օդանաւերու համար: Beringer aero -ն կը զբաղուի օդանաւերու համար անիւներու, արգելակման համակարգերու արտադրութեամբ: Անոնք կը վաճառուին ամբողջ աշխարհի մէջ եւ հիմնաչափ (սթանտարտ) են բոլոր փոխադրային միջոցներուն համար, ներառեալ անօդաչու սարքերուն:
Յիշեցնենք, որ 5 նոյեմբերին ալ ամերիկեան Garmin արհեստագիտական ընկերութիւնը ուսումնասիրութիւններ սկսած է պարզելու, թէ ինչպէս իր արտադրանքը յայտնուած է թրքական «Պայրաքտար» անօդաչու թռչող սարքերուն մէջ։ Իսկ աւելի վաղ աւստրիական եւ գանատական ընկերութիւնները յայտարարած էին թրքական «Պայրաքտար»ին մասեր մատակարարելը դադրեցնելու մասին։