113 հիւանդ կը գտնուի ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ

ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը յայտնած է որ 24 յունիսին «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու մրցանշային թիւ գրանցուած է:
Անոր խօսքով՝ իրավիճակը, թէկուզ կայուն է, բայց կը մնայ լարուած:
«Հիւանդանոցներու առումով ունինք բարւոք վիճակ՝ 21 յունիսէն սկսեալ: Ունէինք 51 քաղաքացի, որոնք հիւանդանոց տեղափոխուելու կարիք ունին: Բոլոր վերակենդանացման բաժանմունքերուն մէջ մի քանի ազատ տեղ կայ: Անոնց ազատուիլն ու զբաղեցուիլը շատ արագ տեղի կ'ունենայ», - նշաղ է Արսէն Թորոսեանը:
Ան յայտնած է, որ ծանր վիճակի մէջ կը գտնուի 502 հոգի, իսկ ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ՝ 113 հոգի, թոքերու արհեստական օդափոխութեան սարքերուն միացուած է 40 հոգի: