2020 Թուականին առնուազն 50 լրագրող սպաննուած է

2020-12-30
Image

Առնուազն 50 լրագրող եւ մետիա ոլորտի աշխատակից սպաննուած է այս տարի ողջ աշխարհի մէջ: Ինչպէս կը յայտնէ CNN-ը՝ վկայակոչելով «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան ամենամեայ զեկոյցը, անոնց մեծամասնութիւնը զոհուած է ոչ պատերազմական երկիրներու մէջ:

Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ լրագրողները թիրախաւորուած եւ սպանուած են իրենց աշխատանքի պատճառով: Այս տարի սպանուած լրագրողներու 83 տոկոսը միտումնաւոր յարձակման զոհ դարձած է, մինչդեռ 2019-ին այդ ցուցանիշը 63 տոկոս կազմած էր:

Այս տարուան զեկոյցը կը ներառէ 1 յունուարէն մինչեւ 15 դեկտեմբերը տեղի ունեցած դէպքերը:  

Ընդհանուր ցուցանիշը նուազած է 2019-ի 53 զոհի համեմատ: Նշուած է, որ «Քորոնա» ժահրի համավարակի պատճառով լրագրողներու գործունէութիւնը եւս կրճատուած է:  

Լրագրողներու համար ամենավտանգաւոր երկիրներու շարքը կը գլխաւորէ Մեքսիքան, ուր միջինը 8-10 լրագրող սպանուած է անցեալ հինգ տարիներու տուեալներով:  

Վտանգաւոր երկիրներէն են նաեւ Իրաքը, Աֆղանստանը, Հնդկաստանը եւ Փաքիստանը: