Moderna-ն «Քորոնա»ի դէմ պատուաստ մատակարարելու համաձայնագիր կնքած է

Հայազգի գործարար Նուպար Աֆէյեանի համահիմնադրած «Մոտերնա» ընկերութիւնը ԱՄՆ սահմաններէն դուրս «Քորնա» ժահրի հաւանական պատուաստը մատակարարելու առաջին համաձայնագիրը կնքած է սպանական Laboratorios Farmaceuticos Rovi SA ընկերութեան հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Reuters»ը:
«Մոտերնա» ընկերութիւնը Միացեալ Նահագներու մէջ մարդոց վրայ պատուաստ փորձարկած առաջին ընկերութիւնն է: Ընկերութիւնը այս ամիս պիտի սկսի փորձարկումներու նորագոյն եւ աւելի ընդարձակուած փուլը:
Աւելի վաղ, ընկերութիւնը արտադրութեան ընդարձակման համաձայնագիր կնքած էր Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան հետ եւ 10-ամեայ համագործակցութեան պայմանագիր զուիցերական՝ Lonza Group AG ընկերութեան հետ: