Ryanair-ի նոր նախաձեռնութիւնը. Յարմարագոյն սակերով Երեւանէն դէպի Եւրոպա

«Հայաստանը այսօր կը դառնայ Ryanair-ի ցանցի 40-րդ երկիրը։ Մենք այսօր այստեղ ենք՝ յայտարարելու նոր ուղղութիւններ Երեւանէն՝ Հռոմ, Միլան, որոնք կը մեկնարկեն Յունուարէն, Պերլին՝ 2020-ի ամրան։ Եւ թերեւս առաջին եւրոպական ուղղութիւնը Գիւմրիէն՝ դէպի Միւնխեն, կրկին 2020-ի ամրան»,-այս մասին մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսած է Ryanair իրլանտական պիւտճէթային օդանաւային ընկերութեան ծանուցումներու ղեկավար Տեյվիտ Օ՛Պրայանը։
Ryanair-ի ղեկավարը նշած է՝ համոզուած են, որ այն 130 հազար ուղեւորները, որոնց կը պատրաստուին տեղափոխել, պիտի նպաստեն նաեւ աշխատատեղերու բացման օդակայանին մէջ։
«Եթէ համեմատենք մեր եւ բարձր արժէք ունեցող ընկերութիւններու սակագիները, ապա այս 135 հազար ուղեւորները պիտի խնայեն 20 միլիոն եւրօ»,-ըսած է Տեյվիտ Օ՛Պրայանը, կարեւորելով ընկերութեան կողմէ բնապահպանական չափանիշներու պահպանումը։
Տեյվիտ Օ՛Պրայանը նշած է, որ Ryanair-ի կայքին մէջ ամենամատչելի գինը կը սկսի մօտ 4 եւրօ 99 սենթէն։ Ամենաբարձր գինը, օրինակ, Լոնտոնէն-Մալակա ուրբաթ օրուան համար, եթէ նախապէս չէ ամրագրուած, կ'ըլլայ բարձր, մրցակիցներու համեմատ՝ կէս գին։ Տոմսերու միջին գինը 35 եւրօ է։
Երեւանէն թռիչքները նախատեսուած են շաբաթական 2 անգամ, յաջողութեան պարագային կ'աւելնան։
Տեյվիտ Օ՛Պրայանի խօսքերով, Հայաստանն ու Իրլանտան շատ ընդհանրութիւններ ունին, երկուքն ալ Եւրոպայի սահմանին են, փոքր երկիր են, բայց ակնյայտ տարբերութիւնը եղանակն է, ինչը պէտք է լաւ ըլլայ զբօսաշրջութեան համար։ Օ՛Պրայանը ներկայացուցած է նաեւ ընկերութիւնը, նշելով, որ այն ամենամեծ օդանաւային ընկերութիւնն է ու ունի ամենամեծ ցանցը Եւրոպայի մէջ։ Այս տարի այն պիտի սպասարկէ 150 միլիոն յաճախորդ, յաջորդ տարի այն հասցնելով 200 միլիոնի։ Ընկերութիւնը ունի մօտ 500 օդանաւ ու 2000-է աւելի ուղղութիւններ։
«Մեր յաջողութեան գաղտնիքը պարզ է. մենք մարդոց կ'առաջարկենք արդիւնաւէտ ծառայութիւններ՝ մատչելի գիներով»,-ըսած է Տեյվիտ Օ՛Պրայանը։
Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէի ղեկավար Տաթեւիկ Ռեւազեանը նշած է, որ Հայաստան տեղափոխուելէ ետք իր նպատակը եղած է մեծցնել Հայաստանի օդային կապուածութիւնը, քանի որ այն հսկայական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ տնտեսութեան վրայ ու ստեղծել շատ աշխատատեղեր։
«Հպարտ եմ, որ Ryanair-ն աստեղ է»,-ըսած է Տաթեւիկ Ռեւազեանը։