System of a Down-ը 15 տարուան դադարէ ետք երկու նոր երգ թողարկած է՝ նուիրուած Արցախին

System of a Down ռոք խումբը 15 տարուան դադարէ ետք երկու նոր երգ թողարկած է՝ նուիրուած Արցախին։ «Protect The Land» եւ «Genocidal Humanoidz»․ ասոնք երգերու անուններն են, որոնք Սերժ Թանքեանը հրապարակած է իր դիմատետրի էջին:
«Ալիեւի եւ Էրտողանի փտած ռեժիմները ոչ միայն կ'ուզեն Արցախն ու Հայաստանը իրենցը հռչակել, այլեւ մարդկութեան նկատմամբ անպատիժ կ'իրականացնեն ցեղասպան գործողութիւններ։ Անոնք կը յենուին այն բանի վրայ, որ աշխարհը բաւական զբաղուած է «Քորոնա» ժահրի համավարակով, ընտրութիւններով եւ քաղաքացիական անհնազանդութիւններով՝ իրենց վայրագութիւններուն արձագանգելու համար»,- գրած է Թանքեանը:
Երգերը կարելի է գնել այստեղ։ Գումարը պիտի ուղղուի պատերազմէն տուժածներուն օգնութեան։