Հալէպահայ  գրող Թորոս Թորանեանի  վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը՝  այսօր

2021-06-04
Image

 Երէկ իր մահկանացուն կնքած Հալէպահայ    ճանչցուած գրող եւ գործիչ Թորոս Թորանեանի  վերջին հրաժեշտի արարողութիւնները ընթացք պիտի առնեն այսօր։

 

 Այս մասին  տեղեկացանք հանգուցեալի  հարազատներէն։

 

 Կը նշուի,  որ Թորոս Թորանեանի հոգեհանգստեան արարողութիւնը տեղի  պիտի ունենայ  այսօր  յունիսի 4-ի երեկոյեան  Երեւանի  Մալաթիա-Սեբաստիա, Սբ. Աստուածածին եկեղեցիին մէջ , ժամը 17:30 – 19:30. Իսկ յուղարկաւորութիւնը՝ յունիսի 5-ին, ժամը 14:00-ին, Շահումեանի գերեզմանատան  մէջ։

 Տուեալներ  Թորոս Թորանեանի մասին

Թորոս Թորանեան ծնած է 1928-ին Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը։ Անոր ծնողները՝ Խաչերը եւ Վարդուհին, ծնած են  Կիլիկեան Հայաստանի Այնթապ քաղաքի Ճիպին գիւղը։ Հայրը աւարտած է ծննդավայրի  Կիլիկեան վարժարանի վեցամեայ շրջանը եւ տիրապետած է հայոց լեզուին, իսկ մայրը մանուկ հասակին մեծցած է քրտական ընտանիքի մէջ եւ մայրենի լեզուին չէր տիրապետեր։ Հայրը մահացած է, երբ Թորոս Թորանեան եղած է երկու տարեկան եւ այդ պատճառով ընտանիքի լեզուն եղած է թրքերէնը։ Մինչեւ հինգ տարեկան Թորոս խօսած է թրքերէն, հայերէն սորված է մանկապարտէզին մէջ: Յաճախած է Հալէպի Կիւլպէնկեան դպրոցը։ Ստացած է բժշկական կրթութիւն։

Եղած է բազմաժանր ստեղծագործող: Յայտնի են հեղինակին «Աստղերու ճամբան», «Կանաչ տառեր», «Երգ արեգական», «Վերստին կարդալով Շահան Շահնուրը», «Ուր կը տանին ճամբաները» եւ շարք մը այլ երկեր:t

 Նշենք, որ Հալէպի    մէջ ապրած եւ ստեղծագործած  Թորանեան  գործակցած է անխտիր  բոլոր   հայկական  կազմակերպութիւններուն,  այդ  շարքին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան   Հալէպի    վարչութիւններուն հետ, նպատակ ունենալով      սատար  կանգնիլ Հայոց Լեզուին եւ գրականութեան։

 

 Այս   տխուր առթիւ  ալ ՌԱԿ-ի մեծ  ընտանիքին  անունով կուգանք մեր խորազգաց   ցաւակցութիւնները  յայտնել հանգուցեալի   ընտանեկան  պարագաներուն, ինչպէս նաեւ  բարեկամներու  եւ անոր վաստակը յարգող մեծ  շրջանակին։