«Այո՛» Սահմանադրական Փոփոխութիւններուն
Յառաջիկայ Ապրիլ 5-ին կայանալիք հանրաքուէով մը, հայրենի մեր հարազատ քոյրերն ու եղբայրները իրենց վճիռը պիտի տան Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեն մէջ փոփոխութիւններ կատարելու առնչութեամբ։
Անհեթեթ է քննարկելը թէ հանրաքուէ պէ՞տք է տեղի ունենայ, թէ՝ ո՛չ։ Այս ուղղութեամբ յստակ սահմանում կայացուցած է հայրենի կառավարութիւնը եւ չենք դատեր այդ որոշումը։
Սակայն կոչ կ’ուղղենք որ քուէները կեդրոնացուին «ԱՅՈ՛»ին վրայ, որովհետեւ համոզուած ենք որ ան նպաստաւոր եւ բարեպատեհ է այսօրուան մեր հայրենիքին համար։ Հետեւաբար՝ այդ է միակ ճիշդ կողմնորոշումը։