«Եթէ Լափիտ կարողանայ կառավարութիւն  կազմել , ապա  այդ  պարագային  մեծ յոյսեր կան, որ Իսրայէլ եւս ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը». Ընկ. Յակոբ Անդրէասեան

2021-05-10
Image

«Ռամկավար Մամուլ»ի հարցերուն կը պատասխանէ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Ընկ. Յակոբ Անդրէասեան:

 

- Վերջին օրերուն իրավիճակը դարձեալ լարուած է Երուսաղէմի կարգ մը շրջաններուն  եւ մասնաւորապէս «Շէյխ Ժարրահ» շրջանին մէջ, ի՞նչ է պատճառը։

«Շէյխ Ժարրահ»ի դէպքերը, եւ, ընդհանրապէս, Երուսաղէմի մէջ պատահած վերջին խռովութիւնները արդիւնք են շատ տարբեր տուեալներու եւ պարագաներու: Ինչպէս Իսրայէլ յաճախ կը կրկնէ եւ կը հաստատէ, թէ Երուսաղէմ միացեալ է, իրականութեան մէջ այդպէս չէ: Երուսաղէմը ունի մէկ քաղաքապետարան եւ մէկ քաղաքապետ, Արեւելեան Երուսաղէմ՝ ուր կ'ապրին միայն արաբները, եւ Արեւմտեան Երուսաղէմ, որ բնակեցուած է, մեծաւ մասամբ, հրեաներով: Արեւելեան Երուսաղէմը լքուած մաս մըն է, իսկ Արեւմտեան մասը՝ ամենաարդիական ոճով շինուած, մաքուր եւ օրէնքները պահպանուած շրջան է: Չմոռնամ ըսելու նաեւ, որ քաղաքապետը միշտ հրեայ մը կ'ըլլայ:

Այս մէկ մասն է խնդրին, սակայն եւ ամենակարեւորը՝ քաղաքական հարցն է: Պաղեստինցիները երբեք պիտի չընդունին իսրայէլեան իշխանութիւնը Երուսաղէմի վրայ, եւ այս խնդիրները կապ ունին նաեւ «վերէն» եկած հրահանգներու, եւ  տարբեր քաղաքական գործիչներու կողմէ  կատարուած մը յայտարարութիւններու հետեւանքն են։

Չմոռնամ ըսելու, թէ այսօրուայ պաղեստինցի երիտասարդները այլեւս վախ չունին հրեաներէն եւ կը փորձեն, նոյնիսկ առանց զէնքի  դէմ դնելու իսրայէլեան բանակին։

 

-Կը նկատենք նաեւ, որ ներքաղաքական առումով իրավիճակը բնականոն չէ եւ մինչեւ այս պահը վերջերս դարձեալ վարչապետ դարձած Բենիամին Նաթանիահուն  լուրջ հարցեր կ՚ունենայ նոր կառավարութեան մը կազմութեան առընթեր, ի՞նչ են պատճառները եւ արդեօք հանգուցալուծումը մօտալուտ է՞։

 Նախ յիշեցնեմ, որ վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններուն, Նաթանիահուն կորսնցուց իր մեծամասնութիւնը, նոր ուժեր մէջտեղ եկան, որոնք շատ ուժեղ ընդդիմախօս են Նաթանիահուին, որ տարբեր մեղադրանքներու  տակ ըլլալով դատական խնդիրներու առջեւ ալ է։Նաթանիահուն ձախողեցաւ իրեն տրամադրուած ժամանակամիջոցին կառավարութիւն կազմել: Այժմ նախագահը ընդդիմադիր ճակատին, յանձինս՝ Եաիր Լափիտին յանձնեց կառավարութիւն կազմելու գործը: Կը կարծուի, որ մէկ շաբթուան ընթացքին Լափիտ պիտի կարենայ կառավարութիւն կազմել եւ այդ առումով ալ երկիրը սպասողական վիճակի մը մէջ է։

 

-Ի՞նչ նկատի ունիք, երբ կ'ըսէք՝ Նաթանիահուն կորսնցուց իր մեծամասնութիւնը:

Մեծամասնութիւն ըսելով, նկատի ունիմ, որ Նաթանիահուն ամենամեծ թիւով խորհրդարանականներ ունի, բայց, այդուհանդերձ, չի կրնար պէտք եղած 61 ձայնն ապահովել, որպէսզի կարենայ կառավարութիւն կազմել: Ընդդիմադիր ճակատը կրնայ ապահովել այդ 61 ձայնը, բայց անոնց պարագային ալ 61 ձայնը բաւարար չէ, որովհետեւ ընդդիմադիր ճակատը շատ մը կուսակցութիւններու միացումով է, որ պիտի կարողանայ դաշինք կազմել ու ապա կառավարութիւն կազմել։

 

-Վերջին օրերուն  մէկէ աւելի  իսրայէլեան թերթեր  հրապարակումներ կատարեցին այն մասին, որ Իսրայէլի Քընէսէթը (Խորհրդարանը)վերջապէս պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը, եւ այս տեղի կրնայ ունենալ մասնաւորապէս ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի ազդեցիկ յայտարարութեան իբրեւ հետեւանք։ Ձեր կարծիքով  հաւանակա՞ն է այդ քայլը։

Եթէ Լափիտ կարողանայ վարչապետ դառնալ, այո, մեծ յոյսեր կան, որ Իսրայէլ եւս ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

 

-Կարգ մը վերլուծաբաններ կարծիք կը յայտնեն, որ Նաթանիահու կարողանալու համար ներքին ճակատի վրայ իր ներկայութիւնը ամրացնել, պիտի փորձէ հարուածել Կազայի շրջանը. Ռազմական գործողութիւն հաւանականութիւնը մեծ է՞. Ի՞նչ կը մտածէք։

Նաթանիահուն ամէն ինչ պիտի ընէ, որ ձախողցնէ Լափիտի կողմէ նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը: Այս տեսանկիւնէն մեկնած, հեռու չէ նաեւ, որ Նաթանիահու  «փոքր» պատերազմներ հրահրէ՝ Կազայի կամ Լիբանանի ուղղութեամբ: