«Երբեք չեմ բացառեր, որ այս պատերազմը աւելիով ծաւալի...» Ընկ. Նշան Պալեան

2021-05-12
Image

  Իսրայէլի մէջ   բարդ  իրավիճակ կը տիրէ։   Երուսաղէմի մէջ   ընթացք  առած    զարգացումները  ծաւալած եւ վերածուած  են  ռազմական  գործողութիւններու։

   Տիրող իրավիճակին վերաբերեալ    «Արեւելք»    կայքէջը զրոյց  մը ունեցած է Երուսաղէմի ՌԱԿ-ի   անդամներէն, ընկ. Նշան Պալեան։ 

Ստորեւ  «Ռամկավար մամուլ»ի  ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք  Ընկ.  Պալեանին հետ կատարուած  հարցազրոյցէն  հատուած մը։ 

- Ի՞նչ պատճառով ծագեցան Երուսաղէմի «Շէյխ Ժարահ» շրջանի խռովութիւնները. ի՞նչ են պատճառները:

«Շէյխ ժարահ» շրջանը կը գտնուի արեւելեան Երուսաղէմի մէջ, եւ արաբական կողմ կը համարուի։ Շրջանի բնակիչներու 90 տոկոսը արաբներ են, եւ հրեաները կամաց կամաց կ'ուզեն այդ շրջանը մուտք գործել, որպէսզի Երուսաղէմի այս բաժանումը վերցուի։ Այլ խօսքով արաբական կողմ եւ հրէական կողմ չմնայ։ Հրեաներուն ծրագիրն է բոլոր Երուսաղէմը իրենց հսկողութեան տակ առնել, որպէսզի հետագային երբ խօսք ըլլայ խաղաղութեան մասին, ըսեն, որ արեւելեան բաժնին մէջ ալ բազմաթիւ հրեաներ կ'ապրին:

1948 Թուականի պատերազմին, հազարներով արաբ ընտանիքներ փախան ու եկան հաստատուեցան Երուսաղէմի արեւելեան կողմը, վերցնելով հրեաներուն լքած տուները: Այնտեղ նախապէս հրեաներ կ'ապրէին, սակայն երբ կորսնցուցին արեւելեան բաժինը, փոխադրուեցան արեւմտեան Երուսաղէմ: Յստակ չէ, թէ այս տուները հիմնականին որու կը պատկանէին, արդեօ՞ք հրեաներուն էին, կամ անոնք պարզապէս վարձուորներ էին արաբներուն մօտ, որոնք իսկական սեփականատէրներն էին, եւ քանի պատմութիւնը յստակ չէ, այս խնդիրները ծագեցան: Հոն հաստատուող հրեաներ փաստաթուղթեր կեղծեցին, ապացուցելու որ այս տուները իրենց կը պատկանին, եւ 2008-2009 թուականներուն պարպելով քանի մը տուն, հրեայ բնակիչներ տեղաւորեցին այնտեղ, այսինքն բոլորովին նոր բնակիչներ, պարզապէս պատճառ ունենալու արաբական կողմը մտնելու, եւ շարունակեցին կեղծել փաստաթուղթերը, որպէսզի հանեն այնտեղ մնացած 25 ընտանիքներ, ու դատարան դիմեցին: Բարձրագոյն դատարանը որոշում պիտի տար, բայց ներկայ կացութեան համար յետաձգեց եւ այս յետաձգումը պատճառ դարձաւ յաւելեալ լարուածութեան։ Հրեաները անպայման կ'ուզեն պարպել այս տուները արաբ ընտանիքներէն, որոնք տարիներէ ի վեր հոն են: Վիճակը սրեցաւ եւ այդ բոլորը զուգադիպեցաւ «Ռամազան» ամսուան կրօնական արարողութիւններուն։ Հազարաւոր պաղեստինցիներ հասան «Ալ Աքսա»ի մզկիթ եւ իրավիճակը մեծապէս բարդացաւ։ Եղան բախումներ ու գրանցուեցան վիրաւորեալներ ու այս բոլորէն ետք «Կազա»ի մէջ տեղակայուած «Համաս»ի զինեալները մտան «խաղին մէջ» ու սկսան հրթիռներ տեղացնել Կազայի շուրջ գտնուող իսրայէլեան քաղաքներուն ուղղութեամբ։

- Ձեր կարծիքով Կազայի դէմ սկսած զինուորական գործողութիւնը կը մեծնայ, երկար կը տեւէ՞: Ի՞նչ հեետւանքներ կ'ունենայ:

Չեմ կարծեր որ այս բախումները երկար տեւեն, որովհետեւ երկու կողմերն ալ չեն ուզեր պատերազմ սկսիլ, հրեաները Կազայի մէջ մեծ գործողութիւն մը չեն կրնար սկսիլ գոնէ հիմա, որովհետեւ «Համաս» «Հըզպալլա»ին պէս կը գործէ։ Անոնք գետնափոր նկուղներու մէջ են, պատսպարուած են ու լաւ պաշտպանուած։ Զինուած են արդիական միջոցներով, եւ հեռահար ամէն տեսակի հրթիռներով։ Եթէ հրեաները որոշեն Կազա մտնել, կրնան յաղթել, բայց հարիւրաւոր զոհեր պիտի տան, որուն համար պատրաստ չեն:

Յամենայնդէպս այստեղ Միջին Արեւելք է եւ որեւէ ատեն կրնայ պատերազմ բռնկիլ եւ այն ատեն չի բացառուիր, որ մեծ պատերազմի մը պարագային, որ նոյնիսկ Լիբանանն ու Իրանն ալ կը ներքաշուին