«Ժամանակն է, որ պատերազմներու զոհ դարձած հայութիւնը Հայաստան տեղափոխուի». Յակոբ Անդրէասեան
«Ռամկավար Մամուլ»ի հարցերուն կը պատասխանէ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Ընկ. Յակոբ Անդրէասեանը:
-Ամբողջ հայութիւնը ուշի -ուշով կը հետեւի Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ ընթացող զարգացումներուն։ Իրավիճակը բաւականին մտահոգիչ է. Ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին եւ արդեօք հայութիւնը ինչ քայլերու պէտք է ձեռնարկէ ապահովելու համար տեղի մեր հայրենակիցներուն անվտանգութիւնը։
Տարբեր առիթներով եւ տարբեր ամպիոններէ միշտ ալ ըսած եմ, որ աշխարհի ցանկացած վայրին մէջ, եթէ ինչ որ բան պատահի, նախ եւ առաջ պէտք է մտածենք տեղի հայութեան մասին։ Ինծի համար Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը ամէն բանէ վեր են եւ ցանկացած զարգացումի պարագային ես խնդիրներուն կը նայիմ այդ պրիսմակով։
Որեւէ հարցի շուրջ կարծիք կազմելէ առաջ, կ'ուզեմ տեսնել մեր հայերուն շահը ո՞ւր է, նոյնիսկ դժբախտութիւններու ժամանակ, կը փորձեմ տեսնել, թէ ինչպէս կրնանք այդ պատահարը օգտագործլ մեր շահերը հետապնդելու համար:
-Իսկ եթէ խօսքը մասնաւորենք եւ անդրադառնանք յատկապէս օրեր առաջ Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ դէմ սանձազերծուած յարձակման, ապա , այդ առումով ի՞նչ կը մտածէք։:
Այսօր Սուրիոյ մէջ պատահածի առնչութեամբ, անմիջապէս պէտք է Հայաստանի պետութիւնն ու կառավարութիւնը միջոցներ ձեռնարկէ, որպէսզի մեր ժողովուրդը այդ երկրէն դուրս բերէ: Կը գիտակցինք, որ շատ դժուար գործընթացի մասին է խօսքը, մանաւանդ որ Գամիշլիի շրջանին մէջ ապրող հայութիւնը մեծաւ մասամբ հողագործներ ըլլալով, հողին կապուած են եւ անոնք հեշտութեամբ չեն կրնար իրենց հողերը թողել երթալ, բայց կան նաեւ ուրիշներ, որոնք հողագործ չեն եւ այլեւս ընելիք չունին այդ հողերուն վրայ:
Մեզի համար շատ կարեւոր է, որ Հայաստանը զարգացնենք: Իսրայէլ ապրելով, տարբեր փուլերու իմ ուշադրութիւնս գրաւած է Իսրայէլ պետութեան մօտեցումը նման տարերային դէպքերու եւ բնաւ գաղտնիք չէ, որ Իսրայէլը այսօր գաղթականներու երկիր է. Աշխարհի չորս կողմերէն հրեաներ եկած են ու այստեղ հաստատուած։ Ու կարեւորն այն է, որ պետութիւնը անոնց բոլորին առաջին օրէն ամէն ինչով՝ տունով, գործով, հողով ապահոված է, ամէն ինչ ըրած է, որ այդ մարդիկ ապահով կեանքի պայմաններ ունենան եւ երկրին կապուին։Ասիկա պէտք է օրինակ ծառայէ մեր հայրենի այսօրուայ կառավարութեան, որ այս տեսակ պատերազմներու եւ դժբախտութիւններու զոհ դարձած հայութիւնը հայրենիք տեղափոխէ։
Արդեօք, Սուրիոյ մէջ այս պատերազմական զարգացումներու լոյսին տակ մենք պէ՞տք չէ մտածենք մեր հայերը Հայաստան տեղափոխելու մասին: Ճիշդ է, որ բոլոր ժողովուրդներու տառապանքը մեզի ցաւ կը պատճառէ, բայց ինծի համար առաջնահերթութիւնը հայութիւնն է։
Այս առումով ալ , «Ռամկավար Մամուլ»ի ամպիոնէն կոչ կ'ուղղեմ Հայաստանի մարմիններուն, որ այս հարցին վրայ ուշադրութիւն դարձնեն եւ եղած ողբերգութիւնը դարձնեն յօգուտ Հայաստանին։