«Մեր անունն է Հայկական Բանակ». Խմբագրական Բանակի օրուան առթիւ
Հայոց Բանակի 28-րդ տարեդարձին
Ինչպիսի հպարտութեամբ պիտի գրել բանակի մը մասին, որուն ոգեղէն ամրութիւնը հայութեան հոգեւոր շէնքին ամէնէն ամուր սիւնն է:
Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան 28-ամեայ պատմութեան բոլոր փուլերուն ալ վերաստեղծեալ հայոց բանակը դարձաւ վստահելի յենարան հայութեան բոլոր խաւերուն համար:
Հայաստանի հողին վրայ ապրող մեր ժողովուրդը բանակի հզօր կամքին եւ արի բազուկներուն յանձնեց իր գոյութեան մեծագոյն երաշխիքը ՝ հայոց սահմաններու անվտանգութիւնը:
Աշխարհով մէկ սփիւռքացած հայութինը, իր հայացքներուն, ապագայի յոյսերուն եւ գալիքի բոլոր պայքարներուն մէջ ուղենիշ ըրաւ հայոց ամուր բանակի ներկայութիւնը:
Մեր բանակը դարձաւ միութեան եւ միասնութեան ապաւէն:
Անկէ ծնունդ առին մեր այսօրուան հերոսները, ու անոր մէջ շաղախուեցան հայոց հողին հանդէպ անմնացորդ նուիրում եւ անսակարկ սէր ունեցող քաջարի մարտիկները:
Հայոց բանակը ծնունդ առաւ արեան մէջ, մկրտուեցաւ հերոսներու աւազանով եւ քալեց դարիւ-դարիւ իրենց արիւնը մեր անառիկ լեռներու գագաթներուն ուխտի վերածած ջան ֆետայիներու ողիով:
Հոն բոլորս դարձանք մէկ: Մէկը բոլորին ու բոլորը՝ հայոց բանակին համար սկզբունքը թեւեր առաւ ու կամրջեց ազգ-բանակ հաւատամքը:
Ապրիլեան քառօրեան հայոց բանակին համար եղաւ նոր մկրտարան, ուր քսան գարուններ բոլորած մեր կորիւնները արիութեան նոր էջեր կերտեցին եւ հայրենասիրութեան վառ օրինակ դառնալով դարաւոր մեր պայքարին նոր երանգ տուին:
Բանակը դարձաւ մեզմէ մասնիկ մը: Մեր արիւնին մէջ ապրող, մեր ոգիէն յառնող եւ մեզ մեր էութեան մօտեցնող:
Անոր փառաշուք սխրանքները դեռ երկար պիտի յիշուին ու բուժեն մեր անցեալի բոլոր վէրքերը:
Օրհասներուն, պայքարներու եւ ռազմերու գուրայէն անցնող 28 տարեկան Հայոց բանակը, երիտասարդ ու արի մեր պետականութեան ամրութեան ամենազօրեղ ամրոցն է:
Անոր տօնը խինդի, նուիրումի եւ զոհողութեան տօնն է:
Ամէն հայու սրտին մէջ, ամէն հայու հոգիին՝ որպէս միս եւ արիւն,որպէս մարմին ու մասունք:
Որպէս ուխտի վկայարան, հերոսներու տուն՝ մեր Հայոց Բանակ: