Ալիեւ յայտարարած է, որ Զանգեզուրը, Սեւանը եւ Երեւանը պատմական ատրպէյճանական հողեր են
«Ատրպէյճանը վերականգնած է պատմական արդարութիւնն ու միջազգային իրաւունքը», Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած զօրահանդէսին յայտարարած է, որ ատրպէյճանցի զինուորները 44 օր պայքարած են «բռնագրաւման վերջ տալու համար»:
Անոր խօսքով՝ «Հայաստանի յարձակողական եւ բռնագրաւման քաղաքականութիւնը սկսած է 20-րդ դարու 80-ականներու վերջը»:
«Այն ժամանակ ժամանակակից Հայաստանի տարածքը ապրող ատրպէյճանցիներուն վտարած են իրենց հայրենի հողերէն: Զանգեզուր, Կեյչէ (Սեւան), Իրեւան՝ ասոնք բոլորը պատմական ատրպէյճանական հողեր են: Մեր ժողովուրդը դարեր շարունակ ապրած է այնտեղ, բայց Հայաստանի ղեկավարութիւնը հարիւր հազարաւոր ատրպէյճանցիներուն վտարած է հայրենի հողերէն: Այնուհետեւ Ղարաբաղի մէջ նկատուած է նոյն պատկերը՝ Խոջալուի ցեղասպանութիւն, Շուշիի եւ Լաչինի գրաւում, որ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը կապած է Հայաստանին հետ», - յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահը:
«Չնայած այն փաստին, որ մենք ռազմաճակատի տարածքին հասած ենք տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման, ես կը կարծեմ, որ վերջին տարիներուն ձեռնարկուած քաղաքական եւ դիւանագիտական ջանքերը արդիւնք տուած են: Բոլոր առաջատար միջազգային կազմակերպութիւնները ճանչցած եւ աջակցած են Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Հայաստան ի վիճակի չէր մրցելու մեր հետ: Անցեալ 17 տարիներու ընթացքին, ես բազմիցս ըսած եմ, որ եթէ Հայաստանը կամաւոր ձեւով չվերադարձնէ մեր հողերը, մենք այդ հարցը կը լուծենք ռազմական ճանապարհով: Եւ այսօր մենք կարողացանք հասնիլ ցանկալիին», - ըսած է Ալիեւ: