Աղօթք եւ հոգեհանգիստ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին զոհուածներու յիշատակին (Լուսանկարներ)
Լիբանանի հայութիւնը յարգանքի տուրք մատուցած է Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին զոհուածներու յիշատակին: «Ռամկավար Մամուլ» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմնին մէջ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչ ընկ. Վազգէն Ժակոչեանէն:
Մեր աղբիւրը մասնաւորպէս նշեց, որ այսօր՝ Չորեկշաբթի 2 Սեպտեմբեր 2020ին կայացած արարողութիւնը իրականացած է հովանաւորութեամբ` Լիբանանահայ երեք համայնքապետերուն եւ նախաձեռնութեամբ` Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմնին:
Նաւահանգիստի պայթումին զոհուածներուն հոգիներուն համար, աղէտի վայրին հանդիպակաց ճամբուն վրայ մատուցուած հոգեհանգիստին իրենց մասնակցութիւնը բերած են համայնքի հոգեւոր եւ ազգային առաջնորդները, որոնց շարքին ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ընկ. Աւետիս Տաքէսեանը, ներկայութեամբ լիբանանահայերու հոծ բազմութեան մը:
Հոգեհանգիստին ուղեկցած է շարականներու երգեցողութիւն եւ առցանց աղօթք՝ անմեղ զոհերուն համար,որ սփռուած է ընկերային ցանցերու էջերով եւ որուն հետեւած է տասնեակ հազարէ աւելի օգտատէր, այդպիսով իրենց աղօթքներով մասնակից դառնալով Լիբանանի մեծ ցաւի ամոքման: