Ամմանի ՌԱԿ անդամներու գնահատական երեկոյ

2019-11-30
Image

Նոյեմբեր 20, 2019-ին Ազգային Մարզական Միութեան  Ալեքս եւ Մարի Մանուկեան սրահի մէջ, Ամմանի ՌԱԿ Վահան Թէքէեան Մշակութային Միութեան Վարչութիւնը կազմակերպած էր  Պատուոյ Յատուկ Գովասանագրերու բաշխման երեկոյ։

Գովասանագրեր բաժնուեցան ՌԱԿ Ամմանի վեթերան անդամներուն՝ որոնք 40 տարիներ աւելի Կուսակցութեան մաս կը կազմեն, նաեւ երեց անդամներուն, եւ տարիներու ընթացքին Ակումբիս որպէս Ատենապետ ծառայող անդամներուն։

Ժողովին ներկայ գտնուեցաւ Երուսաղէմէն Յորդանան ժամանած, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Փոխ Ատենապետ Ընկեր Յակոբ Անդրէասեանը։

Ընկ. Անդրէասեանը որոշ մանրամասնութիւններով հանդէս եկաւ Հայրենիքի ներկայ Իշխանութեան եւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան միջեւ ընթացիկ բարենպաստ յարաբերութեանց մասին:

ՌԱԿ-ը Ամմանի մէջ միշտ աշխատանք տարած է հայ մշակոյթի եւ Հայկական նկարագրի պահպանման համար, աշխատելով նոր սերունդին մէջ Հայրենիքի նուիրուած աշխատանքի շարունականութիւնը սերմանել, հետապնդելու եւ ներդրումը բերելու Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մեր ներկայ եւ ապագայ ազգային շահերուն։

 

Մարալ Ներսէսեան 
Ատենադպիր ՌԱԿ Ամմանի Վահան Թէքէեան Ակումբի