ԱՄՆ Նախագահ Ճօ Պայտըն ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը
ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն իր ուղերձին մէջ յայտարարեց, որ Օսմանեան Կայսրութեան ժամանակ հայոց դէմ եղած արարքները ցեղասպանութիւն է։
Այսպիսով ԱՄՆ իր նախագահի մակարդակով ընդունած կ՚ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը։
Նշենք, որ երկու տարի առաջ ԱՄՆ-ի Սենատը նոյնպէս ճանչցած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որպէս պատմական եղելութիւն։