ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը

2019-10-30
Image

ԱՄՆ Քոնկրէսի ներկայացուցիչներու պալատէն ներս 29 հոկտեմբերին կայացած քուէարկութեան արդիւնքով ձայներու մեծամասնութեամբ ընդունուած է քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆի եւ Կաս Պիլիրաքիսի համահեղինակած՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 296 բանաձեւը:

Քուէարկութեան մասնակցած քոնկրէսականներէն բանաձեւին կողմ քուէարկած է 405-ը, դէմ՝ 11-ը, ձեռնպահ՝ 3-ը, իսկ 13 քոնկրէսական չէ քուէարկած։ 

Յայտնենք, թէ Ներկայացուցիչներու տան Օրէնքներու յանձնախումբը Երկուշաբթի օր հաստատեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող թիւ 296 բանաձեւը քուէարկութեան դնելու որոշումը, նշելով, որ անոր քննարկումը եւ քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ 29 Հոկտեմբերի յետմիջօրէին։

Օրէնքերու յանձնախումբի ատենապետ Ճիմ ՄըքԿավըրն նիստը բացաւ տպաւորիչ ելոյթով մը, շեշտելով, որ թիւ 296ի բանաձեւին վաւերացումը առիթ մըն է Ներկայացուցիչներու տան, որ յստակօրէն արտայայտուի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, յստակօրէն ընդունելով, որ տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն է։

Յանձնախումբը աւելի ուշ վաւերացուց բանաձեւը քուէարկութեան դնելու որոշումը:

Երեքշաբթի օր, Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստը վաւերացուց բանաձեւը քուրակութեան դնելու յանձնախումբին որոշումը (223-191 քուէներով):