Այսօր Արցախի Հանրապետութեան օրն է
2 Սեպտեմբերին կը լրանայ Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 30-րդ տարին։
2 Սեպտեմբեր 1991-ին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ պատգամաւորներու մարզային եւ Շահումեանի շրջանային խորհուրդի համատեղ նստաշրջան, ուր ընդունուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակագիրը։ Նոյն թուականի 10 Դեկտեմբերին կայացաւ հանրաքուէ, որ հաստատեց Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը։ Այդ օրը ԼՂՀ բնակչութեան 99 տոկոսը քուէարկեց յօգուտ անկախութեան։ Հանրաքուէէն ետք, խորհրդարանական ընտրութիւններով ձեւաւորուեցաւ ԼՂՀ խորհրդարանը, որ կազմեց առաջին կառավարութիւնը:
Արցախի պետականութեան հռչակման 30-ամեակը կը դիմաւորենք դժուարին ու բարդ մարտահրաւէրներով, սակայն Արցախեան պատերազմը, Ապրիլեան եւ 44-օրեայ պատերազմները ցոյց կու տան, որ Արցախի ժողովուրդը չի հրաժարիր իր ընտրած ուղիէն: Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 30-ամեակին նուիրուած ԱԺ յատուկ նիստին ԱՀ արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանն իր ելոյթին մէջ յայտարարած է, որ Արցախի միջազգային ճանաչումը եղած է եւ պիտի մնայ պետականաշինութեան եւ արտաքին քաղաքական հիմնարար ուղղութիւններէն մէկը։
Նախարարը նաեւ ընդգծած է Արցախի Հանրապետութեան պահպանման կարեւորութիւնը եւ արցախապահպանութիւնն ու արցախակեդրոնութիւնը որակել որպէս համայն հայութեան առջեւ ծառացած կարեւորագոյն խնդիրներ՝ այս ծիրէն ներս շեշտելով Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան շարունակական ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը։