Այսօր իր լրումին կը հասնի Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցը

2022-04-24
Image

Այսօր Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու 107-րդ տարելիցն է:

Այս առթիւ, անգամ մը եւս կը վերահաստատենք՝

ՌԱԿը կը մնայ Հայ ժողովուրդը ընդհանրապէս ու սփիւռքահայութիւնը մասնաւորաբար յուզող
հիմնահարցի, իմա՝ Հայ Դատի եւ հայկական պահանջատիրութեան հետապնդման սուրբ առաքելութեան
հաւատաւոր զինուորագրեալը: Առ այդ՝ ան կը վճռէ բազմապատկել ու լարել իր համապարփակ ոյժերը,
դառնալու համար աւելի քան երբեք անսակարկ նուիրեալը սրբազան եւ անժամանցելի այդ նպատակին:

 

Բիւր յարգանք Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: