Այսօր Հոկտեմբեր 27-ն է. Լրացաւ Հայաստանի պետականութեան դէմ ուղղուած ահաբեկչութեան 22-րդ տարելիցը
22 տարի առաջ այս օրը՝ երեկոյեան ժամը 17:00-ի մօտերը ՀՀ Ազգային ժողովի հերթական նիստի ժամանակ նիստերու դահլիճ ներխուժեցին զինուած անձինք, որոնք կրակ բացին՝ թիրախ ընտրելով ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Կարէն Տեմիրճեանն ու վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը: 27 հոկտեմբեր 1999-ին ԱԺ-ի մէջ Օրէնսդիր եւ Գործադիր մարմիններու հարց ու պատասխանի ժամն էր:
Զինուած անձերն էին Նայիրի Յունանեան, Կարէն Յունանեան, Էտուարտ Գրիգորեան, Վռամ Գալստեան, Դերենիկ Բեճանեան: Անոնց բացած կրակէն սպանուաեցան ԱԺ նախագահ Կարէն Տեմիրճեանը, վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը, Ազգային ժողովի փոխխօսնակներ Ռուբէն Միրոյեանն ու Եուրի Բախշեանը, նախարար Լեոնարտ Պետրոսեանը, պատգամաւորներ Արմենակ Արմենակեանը, Հենրիկ Աբրահամեանը եւ Միքայէլ Քոթանեանը:
27 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած գործողութիւններու ղեկավարը Նայիրի Յունանեանն էր: Յետագային Նայիրի Յունանեանը ցուցմունք տուած եւ յայտարարած է, թէ ինք պետական մակարդակով ահաբեկչական ծրագիրներ ունեցած է 1991 թուականին, բայց հանգամանքներու բերումով չէ կրցած իրագործել:
Ան ՀՀ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանէն պահանջած էր հեռուստատեսութեամբ ուղիղ եթերով ելոյթ ունենալու հնարաւորութիւն եւ արդար դատի երաշխիքներ, որոնք չէին տրուեած իրեն։ Արդէն 28 հոկտեմբերին ձեռնարկուեցաւ պատանդները ազատագրելու գործողութիւններ՝ զինուած անձինք ձերբակալուեցան:
Ահաբեկչութիւնը իրականացուցած անձերու դատավճիռը հրապարակուեցաւ 2 դեկտեմբեր 2003-ին, Նորք-Մարաշ շրջանային դատարանի դատաւոր Սամուէլ Ուզունեանի կողմէ: «27 Հոկտեմբերի» գործողութեան հեղինակներէն 6-ը դատապարտուեցան ցմահ, իսկ մէկը՝ 14 տարուայ ազատազրկման:
Հակառակ զինեալներու ձեռբակալման եւ անոնց դէմ արձակուած դատական վճիռներուն 27 հոկտեմբերի գործը տակաւին ամբողջութեամբ չէ բացայայտուած:
Ցմահ դատապարտուածնեէն ողջ են Նայիրի եւ Կարէն Յունանեանները, Դերենիկ Բեճանեանը, Աշոտ Կնեազեանը: Վռամ Գալստեանը, ըստ պաշտօնական վարկածի, 27 ապրիլի 2004-ին ինքնասպան եղած է «Նուպարաշէն» ՔԿՀ-ի մենախուցին մէջ:
Գործով 14 տարուան ազատազրկման դատապարտուած Համլեթ Ստեփանեանը մահացած է 2010-ի մայիսին՝ սրտի կաթուածով:
Գործով մեղադրեալներէն Նորայր Եղիազարեանը մահացած է նախքան դատավճիռի հրապարակումը՝ «Նուպարաշէն» ՔԿՀ-ի իր խուցին մէջ ելեկտրահարուելու հետեւանքով:
Էտուարտ Գրիգորեանը մահացած է 3 նոյեմբերի 2017-ին «Էրեբունի» բժշկական կեդրոնին մէջ:
Նորանակախ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան մէջ ցնցիչ դէպք հանդիսացող այդ սպանութիւնը ցայսօր ալ կը շարունակէ «ծանր բեռ» մնալ ամբողջ հայութեան ուսերուն:
Այդ սպանդով կը գլխատուէր մեր օրերու հայութեան առաջնորդող միտքն ու մարտական ոգին եւ այդ մասին կը վկայեն այդ օրերուն հանրային գործունէութիւն տարած Հայաստանի եւ սփիւռքի գործիչներէն շատ շատերը: