Այսօր Մեր Ազգային Միակ Օրակարգը Մեր Հերոս Զինուորին Կողքին Կանգնիլն է

2020-10-05
Image

Հաշուի առնելով Արցախի մէջ արդէն մէկ շաբաթէ ի վեր՝ 27 Սեպտեմբերին սկսած եւ օր ըստ օրէ զարգացող եւ թէժացող պատերազմական իրավիճակը եւ անոր առընթեր ընթացող տեղեկատուական, դիւանագիտական եւ հանրային կարծիքի ձեւաորման ուղղուած պայքարը, եւ ընդգծելով այս ժամանակահատուածին մեր համազգային միասնականութեան եւ աջակցութեան անհրաժեշտութիւնը, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը անգամ մը եւս կ'ուզէ դիմել բոլոր մեր հայրենակիցներուն, ընդգծելով մեր հայրենիքի համար այս ճակատագրական պահուն իւրաքանչիւր հայորդիէ ակնկալուած պատշաճ եւ պատասխանատու վարքագիծի եւ գործելաոճի կարեւորութիւնը՝ հիմնական երեք ուղղութիւններով.-

 

Ա. Օժանդակութիւն.-

Արցախի հերոս բանակին եւ ժողովուրդին աջակցիլը եւ հրատապ օգնութիւն հասցնելը մեր պարտականութիւնն է, որ խիստ անհրաժեշտ է այսօր։ Ուստի կոչ կ'ուղղենք համայն սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն, ՌԱԿի բոլոր շրջանակներուն եւ գործընկերներուն նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերելու բացառապէս «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին միջոցաւ՝ www.himnadram.org յղումով։ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը գործէ ՀՀ իշխանութեան հովանիի ներքոյ եւ կ'աջակցի մարդասիրական եւ պետական ծրագրերու, իսկ այս ժամանակահատուածին մեկնարկած է յատուկ՝ «Մենք ենք մեր սահմանները. Բոլորս Արցախի համար» համազգային դրամահաւաք։ Կը վստահեցնենք՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը արհեստավարժութեամբ եւ թափանցիկութեամբ կը տնօրինէ ստացուած մարդասիրական նիւթական նուիրատւութիւնները։

 

Բ. Տեղեկատւութիւն

Նախապէս ալ այս ուղղութեամբ տեղեկացուցած ենք, դարձեալ յիշեցման կարգով կը կրկնենք, չափազանց կարեւոր է մեր հայրենակիցներուն համար հետեւիլ բացառապէս հիմնաւորուած լրատւութեան եւ պաշտօնական բանբերներու մեկնաբանութիւններուն, ուր ճշգրիտ եւ նպատակային ձեւով կը ներկայացուին Հայաստանի եւ Արցախի պատերազմական գործողութիւններու հաւաստի եւ վաւերական տեղեկութիւնները, նաեւ ընկերային ցանցերու միջոցով, իրենց պաշտօնական էջերուն վրայ եղած թարմացումներով։

Այս առումով, Հայաստանի Պաշտպանութեան բանակի երկու լիազօր պաշտօնեաններն են՝ Ճգնաժամային տեղեկատուական կեդրոնի պաշտօնական ներկայացուցիչ՝Արծրուն Յովհաննիսեանը եւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ՝ Շուշան Ստեփանեանը։

Աւելին, բոլոր հայրենակիցներէն կը խնդրենք, բացարձակապէս զերծ մնալ շինծու կամ յատուկ նպատկով շրջանառութեան մէջ դրուած եւ յատկապէս հեռախօսային յաւելուածներու միջոցաւ տարածուով ապատեղեկատւութիւններ բաժնեկցելէ, եւ կամ մարտական գործողութիւններու մասին հեռախօսային քննարկումեր ունենալէ: Այս մասին նաեւ բազմիցս ծանուցած եւ  ազդարարած է մեր Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։ Չափազանց կարեւոր է հետեւիլ բացառապէս պետական լրահոսներուն:

Ընկերային ցանցի հարթակներէն օգտուելու պարագային, ստորեւ կը թուարկենք այդ պաշտօնական հիմնական հարթակները՝

 https://www.facebook.com/arcrun/

https://www.facebook.com/shushanstepanyan/

https://www.facebook.com/ArmenianUnifiedInfoCenter/

https://www.facebook.com/ArayikHarutyunian/

 

Գ. Համախոհութիւն.-

Կոչ կ'ընենք բոլորին, ամէն գնով պահպանելու ազգային միասնականութիւնը, համախոհութիւնը եւ մէկ ու միակ գերագոյն պայքարին շուրջ գոյացած համախմբուածութիւնը։

Մեր հայրենիքը եւ մեր հերոս բանակը օր ու գիշեր պատերազմ կը մղեն ընդդէմ ցեղասպան եւ ոճրագործ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին։

Մեր միասնականութիւնը, սփիւռքի հզօր եւ բռնցքուած բանակի մեր հերոս զինուորին կողքին կանգնիլը եւ աջակցիլը մեր միակ ազգային օրակարգն է այսօր։

Թող ոչ ոք այս առիթը օգտագործէ անձնական շահեր հետապնդելու կամ հատուածական ձեռքբերումներ ապահովելու: