Այսօր ՌԱԿ գործիչ, Կեդրոնական Վարչութեան Փոխատենապետ Լեւոն Պըլըխեանի ծննդեան օրն է
Սուրիոյ ազգային-հասարակական կեանքին մէջ մշտական ներկայութիւն հանդիսացող Ընկ. Լեւոն Պըլըխեանը այսօր կը նշէ իր ծննդեան 68-րդ տարեդարձը։
Մարդ, որ իր կեանքի տարբեր փուլերուն եղած է հաւատարիմ զինուորեալն ու նուիրեալ գործիչը ՌԱԿ դարաւոր կուսակցութեան։
Հալէպի, Դամասկոսի, Պէյրութի եւ առհասարակ Մերձաւոր Արեւելքի ՌԱԿ շրջանակները քաջածանօթ են եւ մօտէն ճանչցած են ընկ. Լեւոնը։
Գաղափարական կուռ կազմուածքով, ազգային բարձր նշացողերու հաւատացող եւ այդ արժէքները կրող մեր ընկերոջ համար գերադասողը եղած է «Առանց աղմուկ հանելու աշխատանքդ իրականացուր» ոսկեայ սկզբունքը եւ իրօք ալ, ըլլայ Հալէպի շէնշող օրերուն, կամ ալ այդ փուլէն ետք Երեւանի մէջ ստեղծուած իրավիճակով ընկ. Լեւոն միշտ մնաց պահապանը մեր կուսակցութեան բարձր աւանդին։
Երբ փոթորիկները հարուածեցին մեր կուսակցութիւնը, ընկ. Լեւոն հաւատաց, որ այդ դժուարութիւններն ալ պիտի անցնին ու անպայման պիտի բացուի արեւոտ ու անամպ երկինքը եւ բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան կուսակցութեան ըմբռնումներուն պիտի քով-քովուին անոր անսայթաք ուղիին ու ծածանող դրօշին շուրջ։
Այս մօտեցումներն անշուշտ բոլորին տրուած, բոլորին բաժին ինկած մօտեցումներ են, սակայն դժբախտաբար եւ յատկապէս մեր իրականութեան մէջ, միշտ չէ, որ այդ սկզբունքները յարգուեցան։
Բախտառիթն այն էր, որ ընկ. Լեւոն ՌԱԿ-ի հանդէպ իր ունեցած նախանձախնդրութեան եւ յանձնառութեան գաղափարները վերածեց կեանքի սկզբունքի ու այսօր ալ ան կը շարունակէ քալել նուիրումի եւ մեր կուսակցութեան մեծերու գծած ուղիով՝ միշտ գերադասելով լուռ ու յամառ աշխատանքը, յանուն մեր ժողովուրդին եւ փառս հայ ժողովուրդին։
Առ այդ «Ռամկավար Մամուլ»ի խմբագրակազմին անունով պիտի գանք մեր ջերմագին շնորհաւորութիւնները յայտնել Ընկ. Լեւոնին, մաղթելով անոր յարատեւութիւն, արեւշատութիւն եւ նորանոր նուաճումներ։
Բարի տարեդարձ մեր բոլորին սիրելի ընկ. Պըլըխեան։