Այսօր ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանի Ծննդեան տարեդարձն է
Այսօր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Ատենապետ, Յարգարժան Ընկ. Մայք Խարապեանի Ծննդեան տարեդարձն է: Տարեդարձ, որ կ'իմաստաւորուի ազնիւ աշխատանքով, հայրենանուէր գործունէութեամբ եւ ազգի ծառայութեամբ:
Այս առթիւ, «Ռամկավար Մամուլ»ի տնօրինութեան, աշխատակազմի եւ գործակիցներու անունով ջերմօրէն կը շնորհաւորենք ծննդեան օրը Ընկ. Խարապեանի, որ իր ազգային ու կուսակցական գործունէութեան հարուստ աւանդով, այսօր եւս նոյն նախանձախնդրութեամբ, խորաթափանց սիրով եւ բծախնդիր աշխատանքով կը շարունակէ իր կուսակցանուէր եւ ազգանուէր գործունէութիւնը:
Մեզի համար մեծապէս քաջալերական է նկատել հաւատաւոր ընկերոջ՝ Ընկ. Խարապեանի գործօն մասնակցութիւնը եւ զօրակցութիւնը ՌԱԿ-ի նպատակներու իրագործման ուղղութեամբ: Ուսանելի եւ օրինկելի է՝ Հայութեան աւանդական արժէքներու՝ հայ դպրոցի, աւանդական կառոյցներու, մշակութային եւ իրաւատիրական ժառանգութեան անձեռնմխելիութեան հանդէպ անոր նպատակասլաց աշխատելոճն ու այժմէական մօտեցումները:
Այս առթիւ, բարձրօրէն գնահատելով մեր սիրելի ընկերոջ աւանդը, կը մաղթենք անոր երկար ու արեւշատ օրեր եւ նոր նուաճումներ իր ազգօգուտ առաքելութեան մէջ: