Այսօր Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժի 33-րդ տարելիցն է

2021-12-07
Image

33 տարի առաջ` 1988-ի Դեկտեմբեր 7-ին` տեղական ժամանակով ժամը 11:41, Հայաստանը ցնցեց Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժը: Այն ընդգրկեց հանրապետութեան հիւսիսային եւ հիւսիսարեւելեան շրջանները, անոր տարածքին մօտաւորապէս 40%-ը:

Հաշուած վայրկեաններու ընթացքին լրիւ կամ մասնակի աւերակ դարձան Սպիտակ, Լենինական, Կիրովական, Ստեփանաւան քաղաքները, Սպիտակի, Ախուրեանի, Գուգարքի, Արագածի, Կալինինոյի, Ստեփանաւանի շրջաններու հարիւրէն աւելի գիւղեր ու բնակավայրեր:

Զոհուեցաւ 25 հազարէ աւելի մարդ, 500 հազարը մնաց անօթեւան: Շարքէ դուրս եկաւ բնակելի շէնքերու 17%-ը, շուրջ` 8 միլիոն քառ. մեթր բնակելի տարածութիւն: Դադրեցան գործել 170 արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններ, շուրջ 1200 անասնապահական շինութիւններ աւերուեցան: Հայաստանի տնտեսութեան հասցուած վնասը կազմեց 13 միլիառ ռուբլի:

Աշխարհի տարբեր երկիրներէ օգնութեան փութացին։ Հայաստան եկան հարիւրաւոր փրկարարներ, բժիշկներ: Խորհրդային Միութեան բոլոր հանրապետութիւնները երկրաշարժի առաջին ժամերէն սկսան Հայաստան տեղափոխել` դեղորայք, բուժսարքաւորումներ, շինարարական սարքաւորումներ, վրաններ, սննդամթերք եւ ապա` շինարարական աշխատանքներ կատարել: 1989 թուականին աղէտի գօտիին մէջ կ՛աշխատէին Խորհրդային Միութեան տարբեր շրջաններէ եկած աւելի քան 40 հազար մասնագէտներ, զինծառայողներ:

Հայաստանին համակողմանի օգնութիւն ցոյց տուին աշխարհի աւելի քան 113 երկիրներ եւ 7 միջազգային կազմակերպութիւններ:

Տարբեր պետութիւններ շարունակեցին օգնութիւնը Հայաստանին նաեւ հետագայ տարիներուն: Իտալացիները  ամբողջ բնակելի թաղամաս մը կառուցեցին Սպիտակի մէջ, նորվեկիացիները` ժամանակակից հիւանդանոց։ Թաղամաս կառուցած են աւստրիացիները: Գիւմրիի մէջ շահագործման յանձնուեցան անգլիացիներու կառուցած դպրոցը։

Երկրաշարժէն 33 տարի անց աղէտի գօտի հասկացութիւնը դեռ ամբողջութեամբ չէ վերացած. Գիւմրիի, Վանաձորի ու Սպիտակի մէջ դեռ  կան տնակներու մէջ բնակող հարիւրաւոր ընտանիքներ: