Այսօր 27 Հոկտեմբերի ահաբեկչութեան 20-րդ տարելիցն է
Այսօր կը լրանայ 27 հոկտեմբերի ահաբեկչութեան 20 տարին: 1999-ին այս օրը Ազգային ժողովի հերթական նիստի ժամանակ Նայիրի Յունանեանի գլխաւորութեամբ նիստերու դահլիճ ներխուժեցին զինուած անձինք եւ կրակ բացին: Անոնց կրակոցներէն սպանուեցան ԱԺ նախագահ Կարէն Տէմիրճեանը, վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը, Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալներ Ռուբէն Միրոյեանն ու Եուրի Պախշեանը, նախարար Լեոնարտ Պետրոսեանը, պատգամաւորներ Արմենակ Արմենակեանը, Հենրիկ Աբրահամեանը եւ Միքայէլ Քոթանեանը:
Յետագային Նայիրի Յունանեանը ցուցմունք տուաւ եւ յայտարարեց, թէ ինք պետական մակարդակով ահաբեկչական ծրագիրներ ունեցած է 1991 թուականին, բայց հանգամանքներու բերումով չէ կրցած իրագործել: 27 Հոկտեմբերի գործով դատավճիռը հրապարակուած է 2003 թուականին: Դատարանի վճիռով ամբաստանեալներէն 6-ը դատապարտուեցան ցմահ, մէկը՝ 14 տարուան ազատազրկման:
Հակառակ զինեալներու ձեռբակալման եւ անոնց դէմ արձակուած դատական վճիռներուն 27 հոկտեմբերի գործը տակաւին ամբողջութեամբ չէ բացայայտուած:
Նորանակախ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան մէջ ցնցիչ դէպք հանդիսացող այդ սպաննութիւնը ցայսօր ալ կը շարունակէ «ծանր բեռ» մնալ ամբողջ հայութեան ուսերուն:
Այդ սպանդով կը գլխատուէր մեր օրերու հայութեան առաջնորդող միտքն ու մարտական ոգին եւ այդ մասին կը վկայեն այդ օրերուն հանրային գործունէութիւն տարած Հայաստանի եւ սփիւռքի գործիչներէն շատ շատերը: