Արցախը այսօր առաւել քան երբեւէ մեր կարիքը ունի. Յայտարարութիւն
Սիրելի հայրենակիցներ,
Ազգովին, համայն հայութիւնը՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ կ'ապրի ճակատագրական օրեր: Դառնաղէտ պատերազմը, աւերածութիւնները, նուիրական սխրանքներ գործած մեր վիրաւոր եւ զոհուած հերոս զինուորներու թափած արիւնը համատարած վիշտով պատած են մեզ:
Սգալով հանդերձ մեր կորուստները, միաժամանակ անհրաժեշտութիւն կը զգանք նոր թափով ոտքի կանգնելու, ամոքելու հայրենիքի՝ Հայաստանի եւ Արցախի վէրքերը եւ թախիծէն դուրս բերելու հայ ժողովուրդը:
Պատերազմի անցնող օրերուն հայ ժողովուրդը միակամօրէն բոլորուեցաւ Հայոց բանակին շուրջ եւ առանց խնայելու իր միջոցները, համատեղ ուժերով հասաւ մայր հայրենիքի ծով կարիքներուն:
Այսօր ալ նոյնն է հրամայականը:
Այսօր աւելի շեշտակի է մարտահրաւէրը:
Արդարեւ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կոչ կ’ընէ համայն հայութեան միահամուռ ուժերով աշխոյժ մասնակցութիւն բերելու Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի տարեկան համազգային դրամահաւաքին, որ տեղի պիտի ունենայ Գոհաբանութեան յատկանշական օրը՝ 26 Նոյեմբեր 2020-ին, Լոս Անճելոսի մէջ, ուղիղ հեռարձակմամբ:
Ինչպէս միշտ, այսօր առաւել քան երբեւէ պէտք է բոլորս համախմբուինք հայրենիքի սուրբ գաղափարին շուրջ եւ մէկ բռունցք դարձած լծուինք Արցախակերտման կարեւոր աշխատանքին:
Ունեցի՛ր ներդրումդ
Զօրակցի՛ր Արցախին
Զօրակցի՛ր Հայաստանին
Ի Դիմաց՝
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Ռաֆֆի Պալեան | Ատենադպիր
Մայք Խարապեան | Ատենապետ