Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը այցելած է Թէքէեան Մշակութային Միութեան կեդրոն

2019-10-21
Image

Երկուշաբթի, 14 Հոկտեմբեր 2019-ին Բերիոյ Հայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Եպս . Զօպուեան իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Թէքէեան մշակութային միութեան եւ արժանացաւ թէքէեանցիներու ջերմ ընդունելութեան:

Միութեան ատենապետ Կարապետ Շուշանեան ողջունեց սրբազան հօր այցելութիւնը եւ իր խօսքին մէջ կարեւորեց գաղութէս ներս համագործակցութեան պահպանումը:

Սրբազան հայրը ծանօթանալով միութեան կառոյցին ու գործունէութեան նոյնպէս վեր առաւ համագործակցութեան գաղափարը հայկական միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու միջեւ:

Այս առիթով ատենապետը միութեան կողմէ սրբազան հօր նուիրեց Վահան Թէքէեանի «Գաղտնի Պարտէզ» գիրքը: