Բոլորիս շնորհաւոր. Այսօր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնադրման 98-ամեակն է
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը հիմնադրուած է 1921 թուականին։ Այն կը հանդիսանայ Մ. Փորթուգալեանի հիմնած «Արմենական» կուսակցութեան շարունակութիւնը, որ հիմնուած է 1885-ին Վան քաղաքի մէջ։
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը ունի հետեւեալ սկզբունքներն ու դաւանանքը՝
-ՌԱԿ-ը հայ ժողովուրդի հարազատ ծնունդն է եւ անոր ազգային հզօր տենչի հաւատարիմ արտայայտիչը: Նուիրուելով հայկական պատմական հայրենիքի ամբողջական վերականգնման գործին, ՌԱԿ-ը կը հաւատայ, որ այդ մէկը հնարաւոր է հայ ժողովուրդի ֆիզիքական հզօրացմամբ, բոլոր խաւերու, առնաց դասակարգային խտրութեան, համատեղ ջանքերով:
-ՌԱԿ-ի աշխարհայեացքը հիմնուած է ժողովուրդի կամքի գերիշխանութեան, անհատի եւ հաւաքականութեան բնական իրաւունքներու կիրառման եւ ընկերային բարեփոխումներու սկզբունքներուն վրայ:
-ՌԱԿ-ը կը հաւատայ, որ ամէն քաղաքացի հաւասար է օրէնքի առջեւ եւ անոր անձն ու քաղաքացիական ազատութիւնները անձեռնմխելի պէտք է մնան խմբային եւ կառավարական ոտնձգութիւններէ:
Կուսակցութեան նպատակներն են՝
-Ապահովել եւ պահպանել Հայաստանի անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը:
-Վերականգնել Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ հայկական պետական իշխանութեան ներքոյ, հայկական բռնագրաւուած բոլոր հողերու ազատագրումով:
-Աշխատիլ Հայաստանի տնտեսական, քաղաքական, հասարակական եւ մշակութային բարգաւաճման համար: