ԳՈՅԺ
Սրտի դառն կսկիծով տեղեկացանք թէ Կիրակի, Ապրիլ 26-ին, Լոս Անճելըսի մէջ մահացած է ընկեր ՀՐԱՉ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ, ան տասնամեակներ շարունակ ունեցած է կուսակցական, միութենական եւ հասարակական բեղուն եւ նուիրեալ գործունէութիւն Լիբանանի եւ Կիպրոսի մէջ։
Ողբացեալ ընկերը, որ եղած էր նաեւ յայտնի մարզիկ եւ մարզիչ, շրջան մը վարած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կիպրոսի շրջանակի վարչութեան Ատենապետութիւնը։
***
Խոր ցաւով տեղեկացանք նաեւ թէ Աթէնքի մէջ մահացած է վեթերան ընկեր ՂԱԶԱՐՈՍ ՂԱԶԱՐԵԱՆ, գաղափարի հաւատաւոր զինուորագրեալ մը, որ աւելի քան վեց տասնամեակ նուիրումով ծառայած է կուսակցութեան։
Եղած է հիմնադիր եւ կարեւոր անդամներէն մէկը «Արարատ» մշակութային եւ մարզական միութեան, որուն մշտական մտասեւեռումը կը հանդիսանան հայ ժողովուրդն ու հայոց հայրենիքը։
Հանգուցեալ երկու ընկերներուն ալ յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ զիրենք ճանչնալու եւ իրենց մտերմութիւնը վայելելու բախտաւորութիւնը ունեցողներուն սիրտերուն մէջ։