Գոյժ. Ոչ եւս է Ալիս Հալէպլեան

2020-06-20
Image

Պըրպէնքի (ԱՄՆ) մէջ, Յունիս 19-ի առաւօտեան ժամերուն, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, հիւանդանոցին մէջ իր մահկանացուն կնքեց Ալիս Հալէպլեանը (Ծնեալ՝ Սիմոնեան):

Ալիս Սիմոնեան ծնած է Լաթաքիա, 1935-ին:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը իր խորազգաց  ցաւակցութիւնները  կը յայտնէ  ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ  Ընկ. Գէորգ Հալէպլեանին, իր մօր՝ Ալիս Հալէպլեանի մահուան տխուր առիթով:

Աստուած հոգին լուսաւորէ տիպար Հայ մօր:

Օրհնութիւն անոր անթառամ յիշատակին եւ յաւերժ լոյս ու խաղաղութիւն  անոր հոգիին:

 

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւն