Գոյժ. Ոչ եւս է երախտաւոր Ընկ. Արամ Սեփեթճեան
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ մահը Լիբանանի շրջանակի մտաւորական, վաստակաշատ հաւատաւոր Ընկ. Արամ Սեփեթճեանի, որ պատահեցաւ 5 Հոկտեմբեր 2020-ին, Պէյրութի մէջ։
Հրապարակագիր, արձակագիր Ընկեր Սեփեթճեան իր ազգային բեղուն գործունէութեան ընթացքին գործօն մասնակցութիւն ունեցած է Լիբանանահայ համայնքի ազգային եւ համայնքային կեանքէն ներս, յատկապէս հրապարակախօսութեան եւ մամուլի ասպարէզին մէջ:
Մշակութասէր եւ տիպար հայ մարդու նկարագրով աչքի ինկած նորոգ հանգուցեալ մեր ընկերը բացի իր կուսակցական նուիրական գործունէութենէն, երկար տարիներ ծառայած է հայ գիրին ու գրականութեան, իր հրապարակախօսութիւններով եւ արձակ ստեղծագործութիւններով աշխատակցած է սփիւռքի եւ հայրենի գրական մամուլին:
1956–էն ի վեր մնայուն աշխատակիցը եղած է եւ ապա պատասխանատու խմբագիրներէն՝ «Շիրակ» գրական ամսագրին։ Եղած է նաեւ խմբագրակազմի անդամ «Շիրակ» պարբերաթերթին: Աշխատակցած է Պայքար օրաթերթին, «Արմէն Հրաչ» գրչանունով։ Եղած է խմբագրակազմի անդամ «Կամար» պարբերաթերթին եւ Գլխաւոր խմբագիր ՝ ՀԲԸՄ- ՀԵԸի «Խօսնակ» ամսագրին: Հրատարակած է գրական տասնեակէ աւելի երկեր: Հայաստանի Գրողներու Միութեան Անդամ էր:
Որպէս սեփականատէր՝ ՍԻՓԱՆ հրատարակչատան, ծաւալած է նաեւ աշխոյժ գրա-հրատարակչական գործունէութիւն:
Այս տխուր առիթով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի այրիին, զաւակներուն, հարազատներուն եւ բարեկամներուն:
Յաւերժ լոյս ու խաղաղութիւն իր հոգիին:
ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւն