ԳՈՅԺ. Ոչ եւս է երախտաւոր Ընկ. Գէորգ Գազանճեան
Խոր ցաւով տեղեկացանք թէ Թորոնթոյի մէջ (Քանատա) մահացած է հաւատաւոր, երկարամեայ կուսակցական ընկեր ԳԷՈՐԳ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ։
Նորոգ հանգուցեալ մեր ընկերը երկար տարիներ պաշտօնավարած էր Կիպրոսի մէջ որպէս Լիմասոլ քաղաքի ազգային նախակրթարանի աւագ ուսուցիչ եւ ապա՝ Նիկոսիոյ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ որպէս դիւնապետ։ Ան ծանօթ էր իր աշխատասիրութեամբ ու ծառայասիրութեամբ։ Վերջին տարիներուն տեղափոխուած էր աղջկան ընտանիքին մօտ՝ Քանատա։