ԳՈՅԺ. Ոչ եւս է երախտաւոր Ընկ. Կարապետ Պապահէքեան

2020-11-01
Image

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժէ ազգային հասարակական գործիչ, հաւատաւոր վեթերան կուսակցական, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուոյ անդամ՝ Ընկ. Կարապետ Պապահէքեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի՝ 1 Նոյեմբեր 2020-ին, Պէյրութի մէջ։

Ընկեր Պապահէքեան իր ազգային-հասարակական հարուստ գործունէութեան ընթացքին ստանձնած է բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ՝ Ռ.Ա.Կ.-ի, Թ.Մ.Մ.-ի եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի շարքերէն ներս: Եղած է Թ.Մ.Մ. Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ, Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ, Ռ.Ա.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ ապա՝ Պատուոյ անդամ:

Մաքրամաքուր հայրենասիրութեամբ աչքի ինկած Ընկ. Պապահէքեան անսակարկ նուիրումով աւելի քան վեց տասնամեակներ իր կեանքի առաքելութիւնը դարձուցած է Հայրենիքին ու հայութեան լուռ եւ անմանցորդ ծառայելը: Իր ազգային բեղուն գործունէութեան ընթացքին գործօն մասնակցութիւն ունեցած է Լիբանանահայ համայնքի ազգային եւ համայնքային կեանքէն ներս, իրեն յատուկ վեհանձնութեամբ եւ եզակի առատաձեռնութեամբ իր ե՛ւ նիւթական, ե՛ւ բարոյական նպաստը բերելով ազգին եւ հայրենիքին կարիքներուն:

Ան իր կարգապահութեամբ, նուիրումով, ազգասիրութեամբ եւ ծառայասիրութեամբ եղած է օրինակելի կուսակցական, որուն համար ալ վայելած է բոլորին յարգանքը՝ անխտիր:

Հանգուցեալի հոգեհանգստեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Պէյրութի մէջ, Երկուշաբթի՝ 2 Նոյեմբեր 2020-ին, Ժամը 2:00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս:

Այս  տխուր  առիթով  Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը իր խորազգաց  ցաւակցութիւնները  կը յայտնէ  հանգուցեալի այրիին, զաւակներուն, հարազատներուն եւ բարեկամներուն:

Օրհնութիւն անոր անթառամ յիշատակին եւ յաւերժ լոյս ու խաղաղութիւն անոր հոգիին:

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւն