ԳՈՅԺ. Ոչ եւս է երախտաւոր Ընկ. Յարութիւն Մկրտիչեան

2020-05-13
Image

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գոյժէ մահը հաւատաւոր, երկարամեայ կուսակցական ընկեր ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆի, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի,Մայիս 12-ին, Նիւ Եորքի մէջ։

Նորոգ հանգուցեալ մեր ընկերը տասնամեակներ շարունակ ունեցած է կուսակցական, միութենական եւ հասարակական բեղուն եւ նուիրեալ գործունէութիւն Լիբանանի եւ ԱՄՆ-ի մէջ։

Ան ծնած է Պէյրութ, 1937-ին, Պօղոս եւ Նազելի Մկրտիչեաններու ընտանիքէն ներս, ըլլալով կրտսերագոյնը՝ ընտանիքի հինգ զաւակներուն մէջ:

Նախակրթական ուսումը Պէյրութի մէջ ստանալէ ետք, յաճախած եւ աւարտած է Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը, 1956-ին: Մասնագիտութեամբ եղած է դեղագործի օգնական:

Մկրտիչեան ՌԱԿի շարքերը համալրած է 1958-ին, Պէյրութի մէջ:

Ան միաժամանակ անդամակցած է Հ.Բ.Ը.Միութեան եւ իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է Հ.Ե.Ը.ի Անդրանիկ-Սեւան տղոց սկաուտական շարժումին եւ ֆութպոլի ակումբին:

1968-ին ընտանեկան բոյն կազմած է Մարիամ Սարգիսեանի հետ եւ  բախտաւորուած զոյգ զաւակներով՝ Կարինէ եւ Կարէն:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով ընտանիքը 1983-ին փոխադրուած է Ամերիկա եւ բնակութիւն հաստատած Նիւ Եորքի Քուինզ քաղաքը:

Ամերիկայի մէջ ան շարունակած է ծառայել Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզիի Արմենակ-Յովսէփեան ակումբէն ներս, զբաղցնելով պատասխանատու պաշտօններ: Ան նաեւ գործօն անդամ էր Թէքէեան Մշակութային Միութեան:

Անոր դուստրը՝ Կարինէն, ԱՄՆի մէջ կ'ամուսնանայ Ռիչարտ Ուորթիի հետ եւ իր ծնողներուն կը պարգեւէ թոռնուհի մը՝ Ամանտա, 16 տարեկան:

Ան երկու տարի առաջ կորսնցուցած էր իր կողակիցը:

Գաղափարի հաւատաւոր զինուորագրեալ հանգուցեալ ընկերոջ յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ զինք ճանչնալու եւ իր մտերմութիւնը վայելելու բախտաւորութիւնը ունեցողներուն սիրտերուն մէջ։

Այս  տխուր  առիթով  Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը իր խորազգաց  ցաւակցութիւնները  կը յայտնէ  հանգուցեալի   հարազատներուն եւ բարեկամներուն եւ յատկապէս անոր եղբօրորդի՝ ՌԱԿ Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ  Ընկ. Նորայր Մկրտիչեանին:

Յաւերժ լոյս ու խաղաղութիւն իր հոգիին:

 

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւն