ԳՈՅԺ. Ոչ եւս է երախտաւոր Ընկ. Վազգէն Ժամկոչեան

2020-11-07
Image

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժէ հաւատաւոր կուսակցական, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անդամ՝ Ընկ. Վազգէն Ժամկոչեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ՝ 7 Նոյեմբեր 2020-ին, Պէյրութի մէջ։

Հայ ազգը եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կորսնցուցին նուիրեալ մը, հայ ազգին աննկուն ծառայող մը, անշահախնդիր մարդ մը, Տոքթոր Վազգէն Ժամկոչեանը: Կորսնցուցինք հայ գլխագիր մարդ մը, որ կը ստանձնէր կուսակցութիւնը ներկայացնելու պարտականութիւնը ազգային կառոյցներու եւ մարմիններու մէջ: Այսպիսի հայ մարդ մը կորսնցուցինք այսօր:    

Հայ ազգային ոգիով թրծուած փոքր տարիքէն, Վազգէն Ժամկոչեան կը յաճախէ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լեւոն Կ.Նազարեան վարժարան: Երկրորդական ուսումը կը շարունակէ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանի մէջ: Իսկ համալսարանական ուսումը կը ստանայ Երեւանի Բժշկական համալսարանին մէջ, ուրկէ կը վկայուի որպէս ատամնաբոյժ: Հայաստանի անկախութեան տարիներուն, Երեւանի մէջ կուսակցական մեծ աշխատանք կը տանի Ռ.Ա.Կ.-ի հովանիին տակ գործող Արմենական Արիական Շարժումին մէջ ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ:

1993-ին կը վերադառնայ Լիբանան եւ կը հաստատէ իր դարմանատունը: Այդ տարիներէն սկսեալ կը վարէ պատասխանատու պաշտօններ իր ակումբին եւ Շրջանային վարչութեան մէջ: Ան բազմիցս ծառայած է որպէս կուսակցութեան ներկայացուցիչը «Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամ»ին եւ ազգային այլ կառոյցներու մէջ: Այս տարի ստանձնեց կուսակցութեան ներկայացուցիչի դերը Պէյրութի պայթումէն ետք հիմնուած Վերաշինութեան ազգային մարմնին մէջ: Ուր որ գործ կար, հոն էր մեր սիրելի ընկերը: Պատասխանտուութիւն վերցնելը իրեն համար հաճոյք էր: Հաւասարակշուած անձ մըն էր եւ բարի գործը իր կենսաձեւին վերածած էր: Մանրուքներով զբաղող մը չէր ան, այլ մեծ գործին եւ անոր արդիւնքին կը հաւատար:

Ընկեր Վազգէն Ժամկոչեան միշտ պիտի յիշուի որպէս յարգուած, հաւասարակշռուած, համեստ ընկեր, միշտ ծառայելու պատրաստ: Այսօր մենք կորսնցուցինք այս առաքինութիւնները ունեցող ազնիւ ընկեր մը: Խունկ ու աղօթք իր պայծառ յիշատակին: Հողը թեթեւ գայ վրադ սիրելի Ընկեր Ժամկոչեան:      

 

Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան

Ատենադպիր                                      Ատենապետ

Վիգէն Թոսունեան                            Տոքթ. Աւետիս Տագէսեան