Եւրոպան պատիժներ պիտի սահմանէ՞ Թուրքիոյ դէմ

2020-09-11
Image

Պրիւքսէլի մէջ օրէնսդիրները Թուրքիոյ դէմ հաւանական պատժամիջոցներու ցուցակ կը կազմեն, որպէսզի ստիպեն Անգարային սահմանափակելու արեւելեան Միջերկրականի մէջ ծովային կազի հետախուզումը, յայտնած է  գերմանական «Տէօթչէ Վէլէ» կայանը։

Միաժամանակ իրավիճակը կը շարունակուի սրուիլ, ռազմական շարժումներու եւ «պատերազմի պատրուակի» մասին Անգարայի խօսակցութիւններուն պատճառով: Օգոստոսի վերջին, Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարները այլ ելք չեն տեսներ, բացի կազմել յատուկ պատժամիջոցներու ցուցակ, մինչդեռ ԵՄ արտաքին գործոց նախարար Ճոզեփ Պորելը յայտարարած է, որ ԵՄ-ի առաջնորդները «կարող են» որոշում ընդունիլ 24 սեպտեմբերին կայանալիք Եւրոպական խորհուրդի նիստի ընթացքին, կարող են եւ կ'ընդունին։

Առայժմ Եւրոպական Միութիւնը կը  նախընտրէ զգուշութիւնը: Պորել կը շարունակէ զուգահեռ բանակցութիւններ վարել Թուրքիոյ հետ, փորձելով նուազեցնել իրավիճակի սրումը, մինչդեռ ներկայիս ԵՄ նախագահող Գերմանիան կը փորձէ միջնորդ հանդիսանալ երկիրներուն միջեւ:

Հաւանական պատժամիջոցներու ցուցակները կը կազմուին եւ կը ճշգրտուին Եւրոպական յանձնաժողովի, ինչպէս նաեւ ԵՄ խորհուրդի տարբեր աշխատանքային խումբերու կողմէ: Կիպրոսը եւ Յունաստանը մտահոգ են, որ գործընթացը կրնայ ձգձգուիլ:

Երկու երկիրներն ալ յայտարարած են, որ կը համաձայնին Պելառուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու սահմանումին, այն պարագային, եթէ պատժամիջոցներ կիրառուին նաեւ Անգարայի դէմ: Այս միջոցները կը ձեռնարկուին միայն միաձայն համաձայնութեամբ, ուստի իւրաքանչիւր անդամ երկիր կրնայ արգելափակել այս քայլը: