Զարեհ Սինանեանը հանդիպում ունեցաւ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամներու եւ ԱՄՆ-ի շրջանային ղեկավարութեան հետ
ԱՄՆ աշխատանքային այցի շրջածիրէն ներս, Սփիւռքի գործերով Գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը հանդիպում ունեցաւ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամներու եւ շրջանային ղեկավարութեան հետ, անոնց ներկայացուց սփիւռքի հետ կապերու սերտացման եւ ամրապնդման հեռանկարները, սպասուելիք ծրագիրներն ու աշխատաքները:
ՌԱԿ ներկայացուցիչները, ի դէմս կենտրոնական վարչութեան ատենադպիր Ռաֆֆի Պալեանի, պատրաստակամութիւն յայտնեցին նպաստելու Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի ծրագիրներուն թէ՛ ԱՄՆ-ի, թէ՛ աշխարհի տարբեր ծայրերուն մէջ գործող կուսակցական շրջանակներուն կողմէ:
Զարեհ Սինանեանը ներկայացուց յաջորդ տարի ծրագրուող համահայկական համաժողովները, հայրենադարձութեան տեսլականն ու ձեռնարկուող քայլերը:
ՌԱԿ ներկայացուցիչները յանձնակատարին տեղեկութիւններ փոխանցեցին կուսակցութեան աշխատանքներու մասին: