Ընկ. Վազգէն Ժամկոչեանի վերջին հրաժեշտը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի օր (Մահազդ)

2020-11-08
Image

Պէյրութի մէջ, Նոյեմբեր 6-ին, իր մահկանացուն կնքեց ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անդամ, նուիրեալ գործիչ՝ Ընկ. Տօքթ. Վազգէն Ժամկոչեան (ծնեալ՝ 1968-ին):

Իր ազնիւ նկարագրի եւ բարի համբաւի շնորհիւ մեծ յարգանք վայելած Ընկ. Ժամկոչեան դեռ ուսանողական տարիներէն մեծ ներդրում ունեցած է Երեւանի մէջ կուսակցական աշխատանքներուն, Ռ.Ա.Կ.-ի Արշակ Չօպանեան ակումբի հիմնադրման տարիներուն: Վարած է պատասխանատու պաշտօններ Լիբանանի իր ակումբին եւ Շրջանային վարչութեան մէջ: Որպէս ՌԱԿի ներկայացուցիչ մաս կազմած է տարբեր միջ-համայնքային եւ ազգային մարմիններու, որոնցմէ վերջինը Պէյրութի պայթումէն ետք կազմուած Վերաշինութեան ազգային մարմնինն էր, ուր ան բարձր գիտակցութեամբ եւ փայլուն ձեւով կատարեց իր ստանձնած պատասխանտուութիւնը, կարծես որպէս նուիրումի վերջին տուրք Լիբանանահայ գաղութին:

Հանգուցեալի հոգեհանգստեան եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի՝ 9 Նոյեմբեր 2020-ին, ժամը 01:00-ին, Նորաշէն Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Պէյրութի մէջ տիրող «Քորոնա» ժահրի պատճառով ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին առցանց եւ կամ հեռաձայնով:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը խոր վիշտ ապրելով հաւատաւոր ընկերոջ անժամանակ մահուան  առթիւ, իր բոլոր անդամներուն կողմէ խորազգաց ցաւակցութիւնները  կը յայտնէ  Ընկ. Վազգէն Ժամկոչեանի ընտանիքն եւ հարազատներուն:

Օրհնութիւն անոր անթառամ յիշատակին եւ յաւերժ լոյս ու խաղաղութիւն  անոր հոգիին:

 

Մահազդ