Ի Խնդիր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Պայծառութեան. Յայտարարութիւն

2020-05-15
Image

Հայաստանեայց Առաքելական սուրբ եկեղեցին իր ուրոյն, անփոխարինելի տեղը ունեցած է եւ ունի հայկական իրականութեան մէջ, որովհետեւ, անուրանալիօրէն կը հանդիսանայ հիմնասիւներէն մէկը ազգային մեր ինքնութեան։ Դարեր շարունակ մեզի պարգեւած է ո՛չ միայն կենսական հոգեւոր առաջնորդութիւն, այլ նաեւ բացառիկ հարուստ մշակոյթ։ Երբ ոսոխները մեզ զրկած են պետականութենէ եւ փորձած են մեզ ստրկացնել, Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին է որ մեզի ներշնչած է ո՛չ միայն Քրիստոնէական անբասիր հաւատք, այլ նաեւ գոյապայքարի մղում, լինելութեան յոյս եւ մաքառումի կամք ու կորով։

Ազգային մեր ըմբռնողութեան մէջ, մեր սուրբ եկեղեցին ունի նուիրականագոյն այս դերն ու կարեւոր տեղը։ Այդ իսկ պատճառով, Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ բարօրութիւնն ու անաղարտութիւնը կը հանդիսանան Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան առաջնագոյն նախապատուութիւններէն: ՌԱԿ-ի սկզբունքներով, Միածնաէջ եւ Լուսաւորչակերտ Հայաստանեայց եկեղեցին, որպէս սրբազան հաստատութիւն, պէտք է առաջնորդուի մեր բազմաթիւ երանելի հոգեւորականներու տիպար օրինակով՝ ինչպիսիք էին Գրիգոր Լուսաւորիչը, Սահակ Պարթեւը, հոգեւորական մատենագիրները, Նարեկացին, Ներսէս Շնորհալին, Գրիգոր Շղթայակիր Պատրիարքը, Ներսէս Աշտարակեցին, Խրիմեան Հայրիկը, Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանը, Վազգէն Ա-ը. եւ ուրիշներ: Անոնք պայծառացուցած են մեր առաքելական եկեղեցին եւ պատմութեան մէջ արձանագրուած  որպէս ՄԵԾ հայեր:

Այսօր Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին կը գտնուի նոր մարտահրաւէրներու դիմաց՝ ինչպէս բոլոր հոգեւոր հաստատութիւնները այսօրուայ բարդ աշխարհին մէջ: Մեր եկեղեցին, եթէ անցեալին ստիպուած եղած է պետութեան կարգ մը դերերը ստանձնել քաղաքական իշխանութեանց բացակայութեանց պատճառով, այսօր, ինչպէս դարեր շարունակ, մասնաւորաբար նուիրուած է դաստիարակութեան, մշակոյթի եւ հայապահպանման գործունէութեանց ՝ ըլլայ հայրենիքի մէջ թէ ի սփիւռս աշխարհի: 

Ցաւօք սակայն, մեր սրբագոյն հաստատութիւնը այսօր կը գտնուի ոչ բաղձալի կացութեան մէջ. թէեւ անցնող տասնամեակներուն բազմաթիւ տաճարներ կեանքի կոչուեցան հայրենիքի մէջ, Ռուսական Դաշնութեան տարածքին, Եւրոպա եւ Ամերիկաներու մէջ, սակայն արդէն ահազանգի հասնող դժգոհութիւններ եւ քննադատութիւններ կը լսուին քիչ մը ամէն տեղ՝ յատկապէս Ս. Էջմիածնի եւ զայն գլխաւորող բարձրաստիճան հոգեւորականներու հասցէին: Այլեւս կարելի չէ քովէն անցնիլ, առաւել եւս արհամարհել Հայաստանեայց եկեղեցւոյ զաւակներուն սրտցաւ եւ օրինական մտահոգութիւններն ու քննադատութիւնները։

Բան մը, տեղ մը, սխալ է անպայման եւ առանց կրակի ծուխ չ’ելլեր: Քննադատողները եկեղեցւոյ թշնամիները չեն, այլ՝ խորիմաց անձնաւորութիւններ, որոնք կը պահանջեն բարեփոխութիւն, կարգ ու կանոնի հաստատում, հոգեւորականներու կենցաղի, վարք ու բարքի սրբագրում: Բացայայտուած են լայնածաւալ զեղծարարութիւններ եւ հոգեւորականի կոչումին անյարիր գործունէութիւններ:

Այս պայմաններուն հետեւանքով, հոծ թիւով հայ երիտասարդներ, կորսնցուցած իրենց հաւատքն ու վստահութիւնը, կը հեռանան մեր հինաւուրց եկեղեցիէն ու քրիստոնէական հաւատքէն, կը շատնան աղանդներն ու մեր նկարագիրը ջլատող, այլանդակող եւ խաթարող մարդորսներ, որոնք կ’աղաւաղեն մեր ինքնութիւնը՝ իրենց քարոզած ապազգային գաղափարներով: Հարցը այնքան լրջացած է որ, մեր գնահատումով, դարձած է ազգային անվտանգութեան խնդիր։ 

ՌԱԿ-ը իր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնէ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիէն ներս ստեղծուած այս կացութեան համար եւ կ՚առաջարկէ որ ամէնէն կարճ ժամանակի ընթացքին, անյապաղ կերպով կազմուի յատուկ եւ կատարեալ կերպով ներկայացուցչական յանձնախումբ մը՝ բաղկացած  հայրենիքի եւ սփիւռքի հոգեւորականներէ եւ աշխարհական ներկայացուցիչներէ, որպէսզի կազմակերպուի արտակարգ գերագոյն եկեղեցական ժողով մը, սրբագրելու համար Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ներկայ անփառունակ վիճակը։ 

 

Ի Դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Ռաֆֆի Պալեան | Ատենադպիր
Մայք Խարապեան | Ատենապետ