Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը սկսաւ յանձնել վնասուած բնակարաններու հատուցումները
Երկուշաբթի, 7 սեպտեմբերին Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ ընթացք առաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով վնասներ կրած բնակարաններու ընտանիքներուն դրամական հատուցումներու փոխանցման Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի ծրագիրը:
Յայտնենք, որ բոլոր ընտանիքները պիտի ստանան հատուցում: Ծրագիրի գործադրութեան առաջին և երկրորդ օրերը 410 ընտանիքներ, նախօրօք իրենց տրուած ժամադրութեամբ, ներկայացան եւ ստացան իրենց համար ճշդուած գումարը:
Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը մինչեւ ուրբաթ պիտի աւարտէ ներկայացած 1485 դիմողներու հատուցման տուչութեան աշխատանքը: