Լիբանանի մէջ. Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու հերթական հանդիպում
Հինգշաբթի, 19 յունուար 2023-ին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Լիբանանի ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչները գումարեցին հերթական նիստ մը, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ։
Հանդիպումի միակ օրակարգը Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի նկատմամբ իրագործուող ահաբեկչական գործընթացի խորացման քննարկումն էր՝ նկատի ունենալով, որ Արցախի շրջափակումը եւ մարդկային կենսական անհրաժեշտութիւններու ապահովումը սկսած են այլեւս մարդասիրական աղէտը աւելի խորացնելու առաջնորդել։
Ժողովը հաստատեց, որ ահաբեկչական պետութեան կողմէ կը խախտուին միջազգային իրաւունքի բոլոր օրէնքներն ու մարդկային իրաւանց կանոնները, ցեղասպանական նոր արհաւիրքի մը դիմաց դնելով ամբողջ Արցախի բնակչութիւնը, ինչպէս նաեւ հայաթափման վտանգը խորացնելով ու արմատացնելով։
Կլիմայական արդէն իսկ ծանր վիճակի մատնուած, երեկտրականութենէ, կազէ եւ կենսական սննդամթերքէ Արցախը զրկելու ազրպէյճանական ահաբեկչական վարքագիծը, ինչպէս նաեւ բնապահպանական կեղծ պատրուակով, Հայաստանի ու Արցախի միջեւ կապը արգիլելու ու Արցախի շրջափակումը խորացնելու, զայն մեկուսացնելու սադրանքը ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ Արցախը ամբողջականօրէն Ազրպէյճանի տիրապետութեան տակ առնելու եւ անոր ժողովրդագրական պատկերը խեղաթիւրելու յատուկ ռազմավարութիւն։
Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները այս առիթով կը պահանջեն միջազգային ընտանիքէն ամենախիստ ճնշամիջոցները գործադրել` կասեցնելու համար Ազրպէյճանի կողմէ ծրագրուած ցեղասպանական այս նոր քաղաքականութիւնը։ Անոնք անհրաժեշտ կը գտնեն հայկական միասնական գործօնի անյապաղ դրսեւորումը, որպէսզի կարելի ըլլայ համահայկական միասնական ճիգերով փրկել Արցախը բնաջնջումէ։
Ժողովը կ՛ողջունէ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառի հրապարակած՝ ի խնդիր Արցախի պաշտպանութեան զօրաշարժի կոչը, եւ կը վերահաստատէ լիբանանահայութեան ամբողջական պատրաստակամութիւնն ու զօրակցութիւնը արցախահայութեան նուիրական ու անկորնչելի իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր։
Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները կոչ կ՛ուղղեն լիբանանահայութեան, որ չորեքշաբթի, 25 յունուար 2023-ին, կէսօրուան ժամը 12։00-էն մինչեւ 2։00, դադրեցնեն ամէն տեսակի գործ, աշխատանք ու դասապահ եւ բոլորը միահամուռ շարքերով համախմբուին Պուրճ Համուտի հրապարակի կողքին, «Արին» կեդրոնի դիմաց, իրենց համընդհանուր բողոքի ձայնը բարձրացնելու համար Ազրպէյճանի կողմէ իրագործուող հայաթափման քաղաքականութեան դէմ ու ամբողջական զօրակցութիւն յայտնելու Արցախ աշխարհին։ Հետեւաբար՝ բոլորիս ժամադրավայրը չորեքշաբթի, ժամը 12։00-ին, Պուրճ Համուտի «Արին» կեդրոնին դիմացն է։
Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները որոշեցին իրենց նիստը բաց պահել եւ հետեւիլ յառաջիկայ իրադարձութեանց ու զարգացումներուն, համապատասխան արժեւորումը կատարելու ու լիբանանահայութեան զօրակցութիւնը ապահովելու համահայկական այս հիմնախնդիրին մէջ։
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
ՍԴՀԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ