Լիբանանի ՌԱԿ Շրջանային վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելած է Արամ Ա. Կաթողիկոսին

2020-08-10
Image

Ուրբաթ, 7 Օգոստոս 2020-ին, Լիբանանի Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Շրջանային վարչութեան պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ընկ. տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի, այցելութիւն տուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս:

Ընկ. տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէն Լիբանանի ՌԱԿ Շարջանային վարչութեան անդամ ընկերներ՝ տոքթ. Վիգէն Ասիլեանը, Վիգէն Թոսունեան եւ տոքթ. Ժոզէֆ Կրպոյեան:

Լիբանանի ՌԱԿ Շրջանային վարչութեան պատուիրակութիւնը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցած է կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Լիբանանի հայութեան վերականգնումին գծով Նորին Սրբութեան նախաձեռնութեան ու հայրապետական կոչին: Ապա, Ընկ. Տոքթ. Տաքէսեան, յանուն կեդրոնական վարչութեան, Նորին Սրբութեան պարզած է կուսակցութեան առած վերջին որոշումները, ինչպէս նաեւ ապագայի հեռանկարները:

Առաջին հերթին, Հայրապետը գնահատած է կուսակցութեան պատրաստակամութիւնը գործնապէս մասնակցելու Լիբանանի հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն՝ շեշտելով, որ Լիաբանանի հայութեան վերականգնումը համազգային նշանակութիւն ունի եւ անհրաժեշտ է, որ համազգային ճիգով կատարուի: Ապա, ան ընդգծեց Ռամկավար կուսակցութեան կարեւոր դերը ընդհարապէս հայ ժողովուրդի ու յատկապէս Սփիւռքի հայութեան կեանքէն ներս: Կուսակացութիւնը կարեւոր ներդրում ունեցած է հայ կեանքի պահանջատիրական, մշակութային, կրթական եւ այլ բնագաւառներէն ներս:

Ան նաեւ յայտնած է, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ նեցուկ կը մնայ միւս կուսակցութիւններու կարգին նաեւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան ազգանուէր ու հայրենակերտ առաքելութեան: