Լոս Անճելըս. ՌԱԿ ներկայացուցիչներ ներկայ եղան ՀՀ ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցի ի պատիւ տրուած ընդունելութեան
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան եւ Ամերիկայի Արեւմտեան ափի ՌԱԿ ղեկավար կազմի անդամներ, Նոյեմբերի 19-ին, ներկայ գտնուած են Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոս, դեսպան Արմէն Բայբուրդեանը կազմակերպած ընդունելութիւն ` ի պատիւ ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր, «Իմ քայլը» խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար եւ Հայ-ամերիկեան բարեկամութեան խումբի նախագահ Լիլիթ Մակունցի:
Ընդունելութեան ներկայ էին նաեւ համայնքային առաջնորդներ, հասարակական, քաղաքական, կրօնական կառոյցներոու ներկայացուցիչներ, տեղական պաշտօնեաներ: Ողջունելով բարձրաստիճան հիւրը` դեսպան Բայբուրդեանը շեշտեց խորհրդարանական դիւանագիտութեան կարեւորութիւնը: Այդ ծիրէն ներս ան գնահատանքի խօսք ըսաւ Հայ-ամերիկեան բարեկամութեան խումբի շրջանակէն երս տարուող աշխատանքի առիթով եւ շեշտեց, որ այդ աշխատանքը աւելի կը խթանէ ռազմավարական երկխօսութեան մակարդակի վրայ գտնուող հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները:
Լիլիթ Մակունցը ներկայացուց ԱՄՆ Արեւմտեան ափ կատարած այցի ընթացքին ունեցած պաշտօնական հանդիպումներու արդիւնքները: Ան շեշտեց, որ խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները զարգացելու արդիւնաւէտ հարթակներէն է: «Հայ-ամերիկեան բարեկամական խումբին մէջ ընդգրկուած խորհրդարանականներով շատ որոշակի քայլերու եւ անելիքներու առաջարկներով հանդէս կու գանք երկկողմ յարաբերութիւնները խորացնելու նպատակով», ըսած է Լիլիթ Մակունցը: Խորհրդարանական մեծամասնութեան առաջնորդը յայտնած է նաեւ, որ յարաբերութիւնները կը խորացուին տարբեր ուղղութիւններով` սայպըր (cyber) անվտանգութիւնէն մինչեւ առեւտուրի ոլորտ: Պատասխանելով ներկաներու բազմաթիւ հարցերուն` Լիլիթ Մակունցը ներկայացուց նաեւ Հայաստանի նոր իրողութիւնները, ժողովրդավարական հիմնարկներու զարգացումը: