Կիպրոսի մէջ զօրակցական հանդիպում եւ հաւաք ի նպաստ Հայոց Բանակին

2020-07-30
Image

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29-ի առտուան ժամը 10:00-ին, Կիպրոսի Լրագրողներու տան մէջ, նախաձեռնութեամբ Կիպրոսի մէջ գործող Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան միաւորներուն, տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս, տեղական մամուլին եւ հեռատեսիլի կայաններու թղթակիցներուն պարզաբանելու համար հայ-ատրպէյճանական սահմանին վերջին երկու շաբթուան ռազմական գործողութիւնները:

5

Մամլոյ ասուլիսին Կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Գէորգ Զէյթունցեանը ներկայացուց երեք աւանդական կուսակցութիւններուն պաշտօնական յայտարարութիւնը, ուր ի մասնաւորի կը շեշտուէր հայ ժողովուրդին խորը ընդվզումը ազերիական զինուժի անմարդկային ոտնձգութիւններուն եւ առհասարակ Ատրպէյճանի թշնամական բազմաթիւ արարքներուն նկատմամբ:

Ան անդրադարձաւ նաեւ Յուլիս 29-էն Օգոստոս 10 Նախիջեւանի մէջ տեղի ունենալիք թուրք-ատրպէյճանական համատեղ զինավարժութիւններուն:

Կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեանը մասնաւորաբար նշեց, թէ Հայաստանի եւ Արցախի բանակները որեւէ պատճառ չունին խախտելու հրադադարը: Բանակներ, որ ազատագրած են հայկական տարածքներ եւ կը պահպանեն սահմաններէ ներս ապրող ու ստեղծագործ ժողովուրդ մը, որ շարունակական խաղաղութիւն կը բաղձայ, ինչը փափաքն է նաեւ Հայաստանի, Արցախի եւ համայն հայութեան:

Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Նիկոսիոյ Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ, աւանդական երեք կուսակցութիւններու կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ հանրային հաւաք՝ «Զօրակցութիւն՝ հայկական բանակ»ին վերտառութեամբ, ի ներկայութեան պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ Կիպրոսի մէջ գործող յոյն մեծագոյն կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն:

5

Հաւաքի ընթացքին խօսք առին Հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը եւ Կիպրոսի Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանը:

«Զօրակցութիւն՝ հայկական բանակ»ին հանրային հաւաքի վերջաւորութեան ելոյթ ունեցան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երգչախումբը եւ Համազգայինի «Սիփան» պարախումբը: