Հաղորդագրութիւն՝ Ազգովին, Բոլորս Ալ Սաղիմահայ Ենք

2023-11-22
Image

Այս օրերուն, խիզախելով նաեւ կլիմայական աննպաստ բոլոր պայմանները, Երուսաղէմի մեր քոյրերն ու եղբայրները, արիաբար կը մղեն անվեհեր գոյապայքար մը, անառիկ պահելու եւ անվթար պահպանելու համար Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան, սրբաւանդ մեր Վանքին եւ ազգային մեր դարաւոր, անուրանալի ժառանգութիւնն ու իրաւունքները։

Տագնապը սկիզբ առաւ աւելի քան երկու տարի առաջ, երբ երեւան եկաւ որ Յուլիս 8, 2021-ին  Միաբանութեան եւ օտարզագի ներդրողներու միջեւ համաձայնութիւն մը գոյացած էր երկարաժամկէտ վարձակալման համար «Կովերու Պարտէզ» կոչուող տարածքին եւ յարակից այլ կալուածներու, որոնք կը կազմեն Երուսաղէմի Հայկական Թաղամասին շուրջ 25 առ հարիւրը։

Ընդդիմութեան երկարատեւ եւ հետզհետէ ծաւալ ստացող անդուլ ճիգերու իբրեւ հետեւանք, Նոյեմբեր 1, 2023, թուակիր իր յայտարարութեամբ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Դիւանը կը յայտնէր թէ չեղեալ յայտարարած էր վաձակալման աղմկայարոյց գործարքը։ Աւելի ետք լոյս տեսած հաղորդագրութեամբ մը, Սուրբ Աթոռի Դիւանը վարձակալման համաձայնագիրը կ’որակէր պղծուած՝ կեղծ ներկայացուցչութեամբ, անհարկի ազդեցութիւններով եւ ապօրինի շահոյթներով;   

Իսկ «երկրորդ կողմ»ը, բոլորովին արհամարհելով Պատրիարքարանին կողմէ գործարքի չեղարկման որոշումը, ձեռնարկած էր տարածքի պարիսպին եւ կայանատեղերու քանդումին, սպառնալով նաեւ շատ աւելի մեծ վնսաներ հասցնել։ Խժդժութիւններուն իբրեւ շարունակութիւն, կալուած առաքուած էին ապահովութեան զինեալ աշխատակիցներ եւ մարզուած շուներ, այնտեղ արգիլելու համար հայկական որեւէ ներկայութիւն։ 

Վճռականապէս չհանդուրժելով եւ արմատապէս մերժելով այսպիսի անոպայ եւ օրինազանց սանձարձակութիւն, սաղիմահայ մեր քոյրերն որ եղբայրները,աւելի քան երկու շաբաթէ ի վեր, տարածքէն ներս ամբողջօրեայ, կանոնաւոր, բազմամարդ ներկայութեամբ, խաղաղօրէն կ’արտայայտեն իրենց դժգոհութիւնն ու բողոքը։

Այլապէս խորապէս վրդովեցուցիչ այս կացութիւնը ունի, սակայն, իր խրախուսող երեսը եւս։ Երուսաղէմի մեր համայնքը հանդէս կու գայ հիանալի, լիակատար միասնականութեամբ եւ առաջին գիծի վրայ կանգնած են քաջարի մեր երիտասարդները։ Այս երեւոյթր անհերքելի ապացոյց է թէ, մենք, միասնական ուժերով, կրնանք յաջող ելքերու յանգեցնել մեր դէմ ծառացող, նոյնիսկ անլոյծ թուացող, բարդագոյն խնդիրները;

Տարակոյս չկայ թէ, գոյամարտի խրամատներուն մէջ արիաբար եւ ոգի ի բռին մարտնչող, սաղիմահայ մեր քոյրերն ու եղբայրները կը վայելեն համազգային մեր ամբողջական նեցուկն ու զօրավիգը։

Խորապէս համոզուած ենք որ հպարտառիթ, աննահանջ այս մաքառումը, անպայմանօրէն պիտի ունենայ յաղթական իր աւարտը։

 

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ